Լիբանանէն Հայաստան մեկնած Պետօ Խօշեան, 4 տարի Ուրարտու ակումբի ակադմիային մէջ մարզուելէ եւ խաղալէ ետք կրտսեր խումբերէն, մեկնեցաւ Սպանիա ուսումը շարունակելու եւ նոյն պահուն ֆութպոլի գծով իր երազը իրականացնելու համար:
2010-ին ծնած Այնճար գիւղի զաւակ Պետօ Խօշեան Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ սկսած է ուսում ստանալ` նոյն պահուն մաս կազմելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի ակադեմիային: Հայրենիք փոխադրուած է ու ընդունուած Ուրարտու ակադեմիան, եւ ինչպէս նշեցինք, այժմ մեկնած է Սպանիա` իր երազը իրականացնելու: Յաջողութիւն կը մաղթենք Պետոյին եւ իր ընտանիքին: