Արժանթինի Քլաուզուպայի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պելկրանօ Տէ Քորտոպա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պանֆիլտի դէմ մրցումին:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան 48-րդ վայրկեանին նշանակեց Պելկրանոյի 2-րդ կոլը եւ ընտրուեցաւ մրցումին լաւագոյն մարզիկը: Հայաստանի ազգային խումբէն այլ մարզիկ մը` Թոմաս Ատորեան, մաս կը կազմէր Պանֆիլտի կազմի ցանկին, սակայն մնաց պահեստի աթոռներուն վրայ:
Դասաւորման մէջ, Պելկրանօ 7 կէտերով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, իսկ Պանֆիլտ 4 կէտերով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: