Քէօլնի հայ յառաջապահ Սարգիս Ադամեանի փոխանցումը չէ յաջողած դէպի Օսնապրիւք ակումբ:
Ըստ Քէօլնի մամլոյ ծառայութեան, Ադամեանի պատճառով է, որ չէ յաջողած այս փոխանցումը, հակառակ անոր որ Քէօլնի մարզական տնօրէն Թոմաս Քեսլըր պայմանաւորուած էր 32 տարեկան ֆութպոլիստը «վաճառել» 400 հազար եւրոյով, եւ 3-րդ դասակարգի ակումբը պատրաստ էր բաւարարել միայն Ադամեանի աշխատավարձը:
Այս տարի առաջին դասակարգ բարձրացած Քէօլն ստիպուած է այժմ նոր տարբերակ փնտռել:
Ադամեան Քէօլնի երեք յառաջապահներէն մէկն է, որոնք տեղափոխուած էին Քէօլնի պահեստներու խումբ` աշխատավարձերուն ծախսերը կրճատելու համար:
Ակումբը վերջերս կրցած էր «ծախել» Շթեֆան Դեկեսը` Փատերպորնին, եւ կը սպասուէր, որ Ադամեանի փոխանցումն ալ հաստատուէր: Այդ ժամանակ Ֆլորիան Տից կը մնար 21 տարեկանէն վար խումբին հետ մարզուող միակ յառաջապահը:
Ըստ աղբիւրին, Ադամեանի «վաճառքը» միշտ ալ բարդ խնդիր եղած է: Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջապահը ամսական 10 հազար եւրօ կը վաստկի: Անցեալ տարեշրջանին ան Բ. դասակարգի Եան Ռեկենսպուրկի հետ խաղցաւ դարձի մրցումները` վարձավճարով, ուր 2 կոլեր նշանակած էր: Ան «Պունտըսլիկա»-ի մէջ Քէօլնի եւ Հոֆենհայմի շապիկով 10 կոլ նշանակած է:
Քէօլն տակաւին կարելիութիւն ունի գտնելու ակումբներ` Ադամեանի եւ Տիցի համար: 27 տարեկան Տից նախորդ տարեշրջանի երկրորդ կիսուն վարձավճարով 2 կոլ նշանակած է Աւստրիոյ «Պունտըսլիկա»- իԱլթախ ակումբին հետ:
Քէօլնի ղեկավարութիւնը այժմ կեդրոնացած է նիւթական հարցերը լուծելու եւ կրճատելու վրայ` միաժամանակ փորձելով լուծել Ադամեանի ապագայի հարցը: