Կարէն Խաչանով բուռն պայքարէ ետք պարտութիւն մը կրեց Թորոնթոյի թենիսի բաց մրցաշարքի աւարտականին` թիւ 4 դասուած Պեն Շելթընէն` 7-6, 4-6 եւ 6-7 արդիւնքով:
Կարէն Խաչանով, որ կը փորձէր 2024-ի հոկտեմբերէն ի վեր իր առաջին մրցաշարքը շահիլ, չկրցաւ պրէյք մը կատարել 2-րդ եւ 3-րդ սեթերուն եւ 2 ժամ 48 վայրկեան ետք կորսնցուց տիտղոսը:
Աշխարհի 16-րդ դասուած Խաչանով, որ 2019-ին թիւ 8 գրաւած էր, վստահաբար պիտի բարելաւէ իր դիրքը տղոց դասաւորման մէջ, ուր 22 տարեկան Շելթըն իր կարգին թիւ 7-էն պիտի բարձրանայ:
Մոնրէալի աղջկանց մրցաշարքի աւարտականին, 18 տարեկան Վիքթորիա Էմպոքօ շարունակեց իր «երազային ընթացքը» եւ աւարտականին յաղթեց ճափոնցի Նաոմի Օզաքային 2-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով:
Էմպոքօ 85-րդ դիրքէն մեծ ոստում պիտի արձանագրէ` գրաւելով 25-րդ դիրքը, իր առաջին արհեստավարժ մրցաշարքը շահեցաւ միանալով Ֆէյ Ուրպընի (1969) եւ Պիանքա Անտրէեսքուի (2019)` դառնալով առաջին քանատացիները, որոնք կը շահին իրենց երկրին մէջ:
«Երբ յաղթեցի մրցումը, տեսայ որ շատ մարդիկ ոտքի ելած զիս կը քաջալերէին… Աներեւակայելի զգացում էր» ըսաւ Էմպոքօ, որ Նորթ Քարոլայնայի Չարլոթ շրջանին մէջ (Միացեալ Նահանգներ) ծնած է, քոնկոցի ընտանիքի զաւակ է, որ Թորոնթօ կ՛ապրի: «Չէի կարծեր, թէ այսպիսի բան մը շատ արագ պիտի ըլլայ: Փաստ մըն է, որ երազները սպասուածէն շատ աւելի մօտ են»: