Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Վաչէ Յովակիմեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` կարելի 9 կէտերէն վաստկելով 7,5 կէտ, ինչպէս յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը:
Վաչէ Յովակիմեան իր մրցակիցներէն շատ աւելի գերազանց էր եւ բարելաւեց իր արագ ճատրակի դասաւորումը 109,6 կէտով: