Վաղը ժամը 16:00ին Սաֆայի դաշտին վրայ, շատ կարեւոր մրցումի մը, ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Լիուաա Սայտայի դէմ, Գ. դասակարգ բարձրանալու ճամբուն վրայ:
Յաղթանակ մը մեզի կրնայ մեծ քայլ մը դէպի առջեւ տանիլ` անցեալ շաբթուան յուսախաբութիւնը մոռցնելով:
Այո՛, պէտք է մոռնալ այդ մրցումը եւ կեդրոնանալ վաղուան մրցումին վրայ: Կրնա՞նք յաղթել… անշուշտ: Եթէ պայքարինք իւրաքանչիւր գնդակի համար, լաւ ձեւով պաշտպանենք, իրարու հետ կարճ փոխանցումներ կատարելով, յոգնեցնելով մրցակիցը, կրնանք հանգիստ յաղթանակ նոյնիսկ արձանագրել:
Ինչպէ՞ս: Անցեալ շաբթուան սխալները չկրկնելով, խաղալով իրար մօտ, ընտրելով դիւրին փոխանցումներ, պէտք եղած ատեն դէպի մրցակիցի բերդը հարուածելով:
Խումբը, որ 62 կոլ նշանակած է 13 մրցումներու ընթացքին, պէտք չէ տատամսի մրցակիցի բերդին առջեւ:
Սաֆայի դաշտը համեմատաբար պզտիկ է, եւ շատ շուտ կրնանք հասնիլ մրցակիցի բերդը, կարեւորը ճիշդ որոշումը տալն է դաշտի վերջին բաժինին մէջ:
Անցեալ շաբաթ խումբը կարծէք տեղեր պէտք եղածէն աւելի կը մտածէր… փոխանցե՞լ, թէ՞ հարուածել:
Այս բոլորը կրնայ ըլլալ 2-րդ վայրկեանին կոլ ստանալուն արդիւնքն էր, բայց ինչ որ ալ ըլլայ մրցումին ընթացքը, տղաքը ինքնավստահ պէտք է ըլլան: 10 մարզիկներ կոլ նշանակած են եւ որոշ փորձառութիւն ունին: Սերժ Օսքեան (20 կոլ) եւ Եուսեֆ Համատէ (14 կոլ) բոլորէն աւելի փորձառու են մրցակիցի բերդին առջեւ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ֆատըլ Ռիտա (7 կոլ) եւ Իպրահիմ Մուսաուի (7 կոլ), Սիգօ (3 կոլ) եւ Ալի Ֆահս (3 կոլ) միշտ պատրաստ են կոլեր նշանակելու:
Նոյնիսկ պաշտպանները կոլ նշանակած են, ուր 2 կոլեր նշանակած է Ալեք Ալճեան, մինչ Քարլոս Թոմաս, Հիւսէյն Զալզալէ եւ Էլի Փիլաւճեան իրենց կարգին կոլեր նշանակած են, երբ պէտք եղած է:
Համակիրները 90 վայրկեան քաջալերելով վստահաբար յաւելեալ ուժ պիտի տան տղոց, եւ կարծէք 12-րդ մարզիկը ըլլալով պիտի օգնեն տղոց, որ ճնշեն մրցակիցին վրայ:
Համակիրներուն համար նկատի առնուած են փոխադրակառքեր, որոնք պիտի փոխադրեն զիրենք` Ֆանարէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտէն, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ:
Անցեալ շաբթուան յետաձգուած մրցումը` Ամալ Սալամ Զղարթայի եւ Սանհարիպի միջեւ, վերջ գտած էր 2-2 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6-րդ կէտը եթէ ձեռք ձգէ (յաղթանակի պարագային), ան 3 կէտով պիտի հեռանայ Լիուաա Սայտայէն:
Սանհարիպ, որ միայն 1 կէտ ունի, պիտի մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ, որ 4 կէտեր ունի: Շեքքա պիտի մրցի Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ: Շեքքա 3 կէտեր ունի մինչ Ամալ` 2 կէտեր: