Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաղդասարեան. «Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը, Ինքնիշխանութիւնը, Իրաւազօրութիւնը Չեն Կրնար Արտապատուիրակուիլ, Երկաթուղիի Կառավարումը Կրնայ»

August 1, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, ի հարկէ, չեն կրնար արտապատուիրակուիլ, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան: «Երկաթուղիի, խողովակաշարի, ելեկտրահաղորդման գիծերու կառավարումը կրնայ: Ի դէպ, ճամբաներու սպասարկումը, կառավարումը Հայաստանի մէջ այսօր եւ միշտ ալ կ՛արտապատուիրակուի մասնաւոր ընկերութիւններու: Այլ բան, թէ ո՛վ ինչ որակով կ՛իրականացնէ այդ կառավարումը: Բայց սա քննարկուող նիւթի հետ կապ չունի», նշած է Բաղդասարեան` ընդգծելով, որ «հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ որոշակի շփոթ կայ շրջանի փոխադրական կապուղիներու ապաշրջափակման նիւթով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումներուն վերաբերեալ, եւ լրատուամիջոցները հակասութիւններ կը տեսնեն հայաստանցի պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն մէջ»:

Վարչապետի բանբերը ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չէ քննարկած, չի քննարկեր եւ պիտի չքննարկէ սեփական տարածքով անցնող փոխադրական կապուղիներու այնպիսի տարբերակներ, որոնք անհամատեղելի են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հետ:

«Եւ, ընդհակառակն, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն կը քննարկէ շրջանի փոխադրական կապուղիներու շահագործման տարբեր բանաձեւեր, այլեւ շահագրգիռ է բանաձեւերէն որեւէ մէկուն շուրջ համաձայնութեան գալու հարցին մէջ», նշած է Նազելի Բաղդասարեան իր դիմատետրեան գրառումին մէջ:

 

Նախորդը

Աքկիւն. «Եթէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուի, Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Վերաբերող Պայմանները Կատարուին, Թուրք-Հայկական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ»

Յաջորդը

Խամենէի. «Արեւմուտքի Պահանջները Զուտ Պատրուակ Են»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.