Եթէ Ռուսիոյ նախկին նախագահի որոշ խօսքեր այդքան ջղագրգիռ արձագանգ կը յառաջացնեն Միացեալ Նահանգներու հզօր նախագահին մօտ, ատիկա կը նշանակէ, թէ Ռուսիան ամէն ինչի մէջ ճիշդ է եւ պիտի շարունակէ իր սեփական ճամբով երթալ: Այս մասին թելեկրամեան ալիքի վրայ գրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ` արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իր հասցէին ուղղած կարծր յայտարարութեան:
Թրամփ ընկերային ցանցի վրայ գրած էր. «Ըսէք` Մետվետեւին` Ռուսիոյ ձախողած նախկին նախագահին, որ կը շարունակէ ինքզինք նախագահ կարծել, թէ զգուշ ըլլայ իր խօսքերուն, որովհետեւ ան շատ վտանգաւոր տարածք մուտք կը գործէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը արձագանգած էր Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահի այն յայտարարութեան, թէ Թրամփի` Մոսկուային վերջնագիրներ ներկայացնելու փորձերը սպառնալիքներ են, որոնք կրնան յանգեցնել ոչ թէ Ուքրանիոյ հետ տագնապի սրման, այլ Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղակի բախումի: