Մոսկուան պէտք չէ թերագնահատէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախագահ Թրամփի ջանքերը, ուքրանական անգլերէն «Քիւ Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրուս:
Անոր համաձայն, Տանըլտ Թրամփ համբերատար էր, եւ ատիկա որոշ մարդոց կողմէ սխալ ընկալուած է:
«Կը կարծեմ, սակայն, որ կացութիւնը սխալ գնահատելու ժամանակը այլեւս անցեալին մէջ է», աւելցուցած է ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 29 յուլիսին յայտարարած էր, որ եթէ Մոսկուա յառաջընթաց չցուցաբերէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը աւարտելու ուղղութեամբ, Ուաշինկթընը 10 օր ետք պիտի սկսի ռուսական ապրանքներու դէմ նոր մաքսատուրքեր եւ այլ պատժամիջոցներ կիրարկել: