Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 26, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԵՏԱԿԱՆ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակին այցելութեան մասին տեղեկութիւններու սպրդումներէն ու մեկնաբանութիւններէն անդին, Լիբանան յստակ նպատակներով ու պայմանաժամերէ եւ սպառնալիքներէ հեռու դժուար բանակցութիւններ կը վարէ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը, որ ծանօթ է ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հանդիպումի մթնոլորտին, «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ Լիբանան կը սպասէ պատասխանի, որ կը նախատեսուի, Պարրաք անձամբ բերէ կամ ամերիկեան դեսպանատան միջոցով ուղարկէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խորհրդակցելէ ետք»:

. ԸՍՏ «Ասաս»-ի տեղեկութեան. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքին ներկայացուց պատմականօրէն, մասնաւորաբար զինադադարի համաձայնութենէն ետք իսրայէլեան ոտնձգութիւններու տարողութիւնը եւ անոր առաջարկեց վերադառնալ պատերազմէն ետք գոյացած համաձայնութեան»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ» կը գրէ. «Վարչապետ Սալամ Ֆրանսայի նախագահէն տեղեկացաւ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Լիբանանի միջազգային աջակցութեան խորհրդաժողովի պատրաստութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Կուսակցութիւնը մօտէն կը հետեւի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ բանակցութիւններու երթին եւ տեղեակ է անոր մէջ արձանագրուող ամէն նորութենէն, կ՛աջակցի գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ Լիբանանը կը վերադարձնէ զինադադարի համաձայնութեան ծիր»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին մտահոգութիւն յայտնած են Ուաշինկթընի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններու նկատմամբ, որոնց համաձայն, ամերիկեան վարչակազմին եւ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ կարծր դիրքորոշման տէր եւ Իսրայէլի աջակցող կարգ մը անձեր ճնշում կը բանեցնեն որդեգրելու Լիբանանի համար վտանգաւոր եղող երկու որոշումներ` լիբանանեան բանակի յատկացուած աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ յառաջիկայ ամիսներուն ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման դէմ կանգնելու: Բարեբախտաբար ամերիկեան վարչակազմին մէջ մեծամասնութիւնը կը մերժեն այդ երկու որոշումները տալ` մեկնելով լիբանանեան պետութեան գոյատեւման գործօններու նկատմամբ նախանձախնդրութենէն:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Թըպնին եւ Պարաշիթ գիւղերուն միջեւ ճամբուն վրայ հարուածեց «Ռափիտ» տիպի ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

. ՖՐԱՆՍԱ կը շեշտէ, թէ պատրաստ է Լիբանան-Սուրիա սահմանի սահմանագծման թեքնիք աջակցութիւն տրամադրելու:

 

 

Նախորդը

Ուիթքոֆ Կազայի Շուրջ Բանակցութենէն Հեռանալն Ու Այլընտրանքներու Սերտումը Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Ժեմայել Կոչ Կ՛ուղղէ Ջնջելու Հըզպալլայի Եւ Բանակի Ապահովական Միացեալ Յանձնախումբը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.