Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայել Կոչ Կ՛ուղղէ Ջնջելու Հըզպալլայի Եւ Բանակի Ապահովական Միացեալ Յանձնախումբը

July 26, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել իր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Խորհրդարանի վերջին նիստի ընթացքին խորհրդարանէն ճանաչում եւ հաստատում ստացանք, թէ խորհրդարանի 90 առ հարիւրը զէնքը լիբանանեան բանակի մենաշնորհը դարձնելու հետ է»:

Ան ըսաւ. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, ցուցադրութիւն չէր, այլ խորհրդարանին կողմէ պետութեան, հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան տրուած հաստատում մը, թէ զէնքի մենաշնորհի հաստատման հետ է, եւ պետութեան քաջալերանք` յարգելու խորհրդարանին մէջ իր բոլոր յարանուանութիւններով ներկայացուած ժողովուրդի կամքը»:

Ան նշեց, թէ զէնքը ո՛չ Լիբանանը պաշտպանելու, ո՛չ Լիբանանը ազատագրելու միջոց է, այլ կը ծառայէ զայն անդամալոյծ պահելուն:

«Պետութեան կոչ կ՛ուղղենք որդեգրելու քայլեր, նախ եւ առաջ ջնջելու Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակի միացեալ ապահովական յանձնախումբը», յայտնեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:

«Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Լիբանանին վտանգ չի ներկայացներ, որովհետեւ Սուրիան քաղաքացիական պատերազմի մէջ է, պետութիւնը անկարող է իր հողերը եւ Սուէյտան վերահսկողութեան տակ առնելու, ինչպէս նաեւ անկարող է Լիբանան գալու, իսկ եթէ Աստուած չընէ սահմանէն անցնին, ապա կարող բանակ գոյութիւն ունի, եւ ատիկա փաստուեցաւ», ըսաւ Ժեմայել:

«Լիբանանցի ժողովուրդին ուղղուած պատգամս է` մի՛ արտօնէք, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քարոզչութիւնը ձեր վրայ ազդէ եւ ձեզ վախցնէ, որովհետեւ բացի լիբանանեան պետութենէն ու անոր բանակէն ոչ ոք կրնայ երկրի բաղադրիչ տարրերը պահպանել», յայտնեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Պոլսոյ Մէջ Իր Թուրք Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Գործակցութեան Ամրապնդման Հարցը

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.