Վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պելճիքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2025-ի 13-րդ կրան փրին` Սփա Ֆրանքորշանի մէջ:
Սփա միշտ ալ եղած է վարորդներու նախասիրած կրան փրին, որ տեղի կ՛ունենայ Պելճիքայի արեւելեան բլուրներուն եւ անտառներուն մէջ: Սփա ամէնէն երկար շրջավազքն է, ուր անձրեւն ալ ընդհանրապէս մեծ դեր կ՛ունենայ մրցումին արդիւնքին վրայ:
Վերջին մրցումին` Բրիտանիոյ մէջ, Լանտօ Նորիս կրցաւ գերազանցել իր խմբակից Օսքար Փիասթրին` հետաքրքրական եւ անձրեւոտ մրցումին: Փիասթրի, որ առաջին դիրքը կը գրաւէր, կորսնցուց իր դիրքը 10 երկվայրկեան պատիժէ ետք, երբ սէյֆթի-քարի ներկայութեան սխալ ձեւով վարած էր իր ինքնաշարժը:
Սաուպըրի վարորդ Նիքօ Հուլքենպերկ առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ հարթակ (փոտիում)` գրաւելէ ետք 3-րդ դիրքը իր 239-րդ կրան փրիին: Աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 5-րդ դիրքը կը գրաւէր, երբ կորսնցուց հաւասարակշռութիւնը, որ եղաւ «Ռետ Պուլ»-ի տնօրէն Քրիսթիան Հորնըրի վերջինը` իր պաշտօնին վրայ: Պաշտօն մը, որ 20 տարի վայելելէ ետք կորսնցուց 3 օր ետք:
«Ռետ Պուլ»-ի համար այս մրցումը պիտի ըլլայ առաջինը առանց Հորնըրի` 20 տարի յաջողութենէ ետք:
Եուքի Ցունոտա, որ «Ռետ Պուլ»-ի խմբակիցն է Վերշթափընի իր 100-րդ մրցումը կը կատարէ, առանց սակայն փոտիում բարձրանալու:
Շարլ Լըքլեր իր 139-րդ կրան փրին պիտի կատարէ «Ֆեռարի»-ի հետ, կարմիր ինքնաշարժի պատմութեան 3-րդ դիրքը գրաւելով Ֆելիփէ Մասսայի կողքին: Միայն Միքայէլ Շումախըր եւ Քիմի Ռայքոնեն աւելի ելոյթ ունեցած են «Ֆեռարի»-ի հետ:
Օսքար Փիասթրի յայտնած էր, թէ Բրիտանիոյ կրան փրիի յուսախաբութիւնը պիտի զօրացնէ զինք, որ ապագային աւելի կրան փրիներ շահի:
Արդեօք վաղը Վերշթափըն պիտի կարենա՞յ իր փորձառութեամբ գերազանցել միշտ թեկնածու «Մաքլարեն»-ներուն, թէ՞ «Մաքլարեն»-ի զոյգը կամ նոյնիսկ «Ֆեռարի» կամ «Մերսետես» անակնկալ ընելով պիտի բարձրանան փոտիում: