Լիբանանի պասքեթպոլի համալսարաններու խումբը` գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մոժահեսի, այսօր պիտի մրցի 9-րդ դիրքի մրցումին` Լեհաստանի դէմ:
Երէկ Լիբանան 79-69 արդիւնքով յաղթեց Լաթվիային: Լաթվիա 34-16 արդիւնքով կը յառաջանար առաջին մասին, բայց Լիբանան վերագտաւ ինքզինք, 9-16, 10-25 եւ 16-22 արդիւնքով առաւելութիւն ունեցաւ 3 մասերուն եւ մրցումը շահեցաւ:
Այս մրցումէն առաջ, Լիբանան 73-67 արդիւնքով յաղթած էր Ֆիլիփեան կղզիներուն:
Նշենք, որ առաջին հանգրուանին Լիբանան պարտութիւն կրած էր Լիթուանիայէն (101-79), յաղթած Արժանթինին (60-44), ապա պարտուած Հարաւային Քորէայէն (85-97):
Այս մրցաշարքը աւարտականին պիտի մրցին Միացեալ Նահանգներ եւ Պրազիլ:
Միացեալ Նահանգներ 72-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիթուանիոյ հասած էին աւարտական, մինչ Պրազիլ 83-78 արդիւնքով դուրս ձգած էր Գերմանիան, կիսաւարտականին: