Աշխարհահռչակ ըմբիշ, որ մարզանքը վերածեց արհեստի եւ 1980-ականներու կէսերէն իր անունը տարածեց ամբողջ աշխարհի մէջ իբրեւ «Հալք Հոկըն», 71 տարեկանին մահացաւ Ֆլորիտայի մէջ:
Միշտ աշխուժ «Հոկըն», որուն բուն անունն էր Թերի Պոլէա, կը նկատուէր «Տապըլեու. Տապըլեու. Ի.»-ի պատմութեան ամէնէն ճանչցուած դէմքը` գերազանցելով «Անտրէ տը Ճայընթ»-էն Ռենտի Սեւեճը, «Տը Ռոք»-ը եւ մինչեւ իսկ Վինս Մաքմահոնը («Տապըլեու. Տապըլեու. Ի.»-ի հիմնադիրներէն):
Ան քանի մը ծածկանուն կամ ըմբշամարտի անուններ ունէր… Հոլիվուտ Հոկըն, Հուլիվուտ Հալք, Հոկըն, Հալք Պոլտըր, Հալք Հոկըն, Հալք Մըշին, Մըսթըր Ամերիքա, Սթերլինկ Կոլտըն, Սուփըր Տիսթրոյըր:
Ան մարզական աշխարհէն դուրս ունէր ճաշարան մը Քլիրուոթըր Պիչի մէջ (Ֆլորիտա), ամուսնացած էր 3 անգամ եւ 2 զաւակի տէր էր: