Երէկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Սալամ հանդիպումէն ետք կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` Լիբանանին, անոր ապահովութեան, գերիշխանութեան եւ բարգաւաճման մնայուն զօրակցութեան համար:
Սալամ ըսաւ. «Միտքս հանգիստ կը վերադառնամ Պէյրութ` շնորհիւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յանձնառութեան` օգնելու Լիբանանին եւ վերանորոգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ներկայութեան ժամկէտը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար ապահովութեան, տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ»: