Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա, «Վահագն Թումասեան»-ի անուան մարզադաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հունգարիոյ ախոյեան Ֆերենցվարոշէն:
35-րդ վայրկեանին Ֆերենցվարոշի պաշտպան Շթեֆան Կարթենման սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Նոայի կոլը:
Կիսախաղ չեղած իրլանտացի Քալըմ Օ՛Տաուտա նշանակեց հաւասարութեան կոլը, ապա Բ. կիսախաղի 3-րդ վայրկեանին հունգարացի Պարնապաշ Վարկա նշանակեց մրցակիցին 2-րդ կոլը:
Ֆերենցվարոշ մրցումը աւարտեց 10 մարզիկներով, երբ յետսապահ Իպրահիմ Սիսէ կոշտ ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտկար Սեւիքեան Հունգարիոյ ախոյեանին հետ դաշտ ներկայացաւ 77-րդ վայրկեանին:
30 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ դարձի մրցումը` Հունգարիոյ մէջ: Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պոսնիոյ ախոյեան Զրինսքին:
19-րդ վայրկեանին դեղին քարտ ստանալէ ետք, Տիգրան Բարսեղեան 40-րդ վայրկեանին ռմբային հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը:
31 տարեկան Բարսեղեանի 50-րդ կոլն էր այս Սլովանի հետ, ուր դարձաւ ակումբի պատմութեան լաւագոյն կոլ սքորըրներու 5-րդը:
Միջնապահ Բարսեղեան էսիսթ մըն ալ տուաւ 3-րդ կոլին` Մարքօ Թոլիչին:
Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկներէն Նայիր Թիքնիզեան իր կարգին յաջող ելոյթ մը ունեցաւ իր նոր խումբին` Կարմիր Աստղ Պելկրատի հետ:
Պելկրատի ակումբը կը մրցէր Ճիպրալթարի մէջ, ախոյեան Լինքոլն Ռետի դէմ, որ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սերպիոյ ախոյեանէն: