Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փարէ – Փէյնթր Շահեցաւ 16-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Կը Հեռանայ

July 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վալենթեն Փարէ-Փէյնթր շահեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի 16-րդ հանգրուանը իր հայրենիքին մէջ, իրլանտացի Պեն Հիլիին սփրինթով յաղթելէ ետք 1.910 մեթր բարձութեան Մոն Վանթուի մէջ աւարտի գիծին:

Աւելի ետեւ, Եոնաս Վինկըկաարտ անընդհատ յարձակումներ գործեց Թատէյ Փոկաչարին գերազանցելու, բայց ախոյեան Փոկաչար ոչ միայն հասաւ դանիացի իր մրցակիցին, այլ 2 երկվայրկեանով հեռացաւ անկէ:

Արդէն իսկ 4 վայրկեան 13 երկվայրկեան ուշ Վինկըկաարտ 9 քլմ ետք սկսաւ յարձակիլ զառիվերի վրայ մագլցելով Մոն Վանթուն:

«Չէի ուզեր շատ ճնշել եւ ապա սպասել իր հակայարձակումին: Կարելի եղածին չափ պահեցի իմ ընթացքս: Ան շատ անգամ յարձակեցաւ, բայց ես միշտ ալ իմ մօտս պահեցի իր անիւը…», ըսաւ Փոկաչար, որ շաբթուան սկիզբէն կը պայքարի թեթեւ հարբուխի դէմ:

Վինկըկաարտ աւարտի գիծէն ետք գետին ինկաւ զառնուելով մոթորսիքլեթի մը, բայց ան չվիրաւորուեցաւ, եւ մրցումի աւարտին շնորհաւորեց Փոկաչարը:

Ընդհանուր դասաւորման պայքարէն աւելի ուշադրութիւն գրաւեց հանգրուանի մրցակցութիւնը Պեն Հիլի եւ Փարէ-Փէյնթրի միջեւ, որ դարձաւ առաջին ֆրանսացին, որ Մոն Վանթուի մէջ կը շահէր Ռիշար Վիրենքէն ետք (2002):

«Շատ ուրախ կ՛երեւէր հանգրուանի աւարտին», ըսաւ Փոկաչար, որ 43 երկվայրկեան ուշ կտրեց աւարտի գիծը:

Մոն Վանթու միշտ ալ վարորդներու համար (ինչպէս նաեւ` հանդիսատեսներու համար) անակնկալներով հարուստ եղած է` ականատես ըլլալով ուրախ թէ դժբախտ կացութիւններու:

1967-ին բրիտանացի վարորդ Թոմ Սիմփսըն մահացած էր այս հանգրուանին իյնալէ ետք բարձունքէ մը:

Պատմական Էտի Մերքս տարի մը պէտք ունեցաւ թթուածինի, երբ շնչասպառ եղած էր… մինչ Քրիս Ֆրում 2016-ի իր տիտղոսի տարին վազելով իր հեծիկին հետ յաջողած էր մինչեւ թեքնիք օգնութիւն ստանալ հեծիկը փոխելու:

Հիլի, որ դեղին շապիկը հագած էր 2 օր շահելէ ետք «Պասթիյ»-ի օրուան 6-րդ հանգրուանը, կ՛ուղղուէր դէպի հանգրուանի աւարտը, ուր Փարէ-Փէյնթր ուժասպառ կ՛երեւէր վերջին 50 մեթրին:

Համակիրներու քաջալերանքով ֆրանսացի վարորդը ուժերը հաւաքեց եւ վերջին 20 մեթրին կրցաւ գիծը պահել ու սփրինթով շահիլ:

Այժմ 5 հանգրուաններ կան, որոնց 2-ը` Ալփինի մէջ լեռնային հանգրուաններ, Վինկըկաարտ եւ «Վիսմա» խումբը իրենց կարելին ըրին ետ ձգելու Արաբական Միացեալ խումբը, որ սակայն մնաց անդրդուելի Փոկաչարի հետ: Թէ Փոկաչար իրապէս յոգնած կ՛ըլլա՞յ յաջորդ հանգրուաններուն, օրերը ցոյց կու տան:

26 տարեկան սլովենիացի վարորդը առանձին պայքարեցաւ, մանաւանդ որ իր խմբակիցները ձեւով մը «կղզիացան» ետ մնալով:

17-րդ հանգրուանը կը խոստանայ ըլլալ սփրինթի սիրահարներուն յարմար հանգրուան մը, ուր Թիմ Մերլիէի նման մարզիկներ կրնան փայլիլ: Մերլիէ պիտի փորձէ իր 2 յաղթանակներուն վրայ հանգրուան մը եւս աւելցնել, մինչ կանաչ շապիկաւոր Ճոնաթան Միլան իր կարգին պիտի փորձէ իր 2-րդ հանգրուանը շահիլ 700 մեթրի ուղիղ ճամբու աւարտը մինչեւ Վալանս:

Հաւանական է, որ 50 քմ ժամական հովն ալ իր դերը ունենայ, ինչ որ կը նախատեսէն օդերեւութաբանական աղբիւրները:

Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 16-րդ հանգրուանէն ետք.

1.- Թատէյ Փոկաչար 58 ժամ 24′ 46″
2.- Եոնաս Վինկըկաարտ 4′ 15″ ուշ
3.- Ֆլորիան Լիփովից 9′ 03″ ուշ
4.- Օլիվըր Օնլի 11′ 04″ ուշ
5.- Փրեմոշ Ռոկլիչ 11′ 42″ ուշ
6.- Քեւին Վոքըլեն 13′ 20″ ուշ
7.- Ֆելիքս Կալ 14′ 50″ ուշ
8.- Թոպիաս Եոհանսըն 17′ 01″ ուշ
9.- Պեն Հիլի 17′ 52″ ուշ
10.- Քարլոս Ռոտրիկես 20′ 45″ ուշ

 

Նախորդը

Թենիս. Վինըս Ուիլիամս 45 Տարեկանին Յաղթեց Մրցում Մը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Զտումի Մրցումներ. Նոա Պարտուեցաւ Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.