Լիբանանի պասքեթպոլի պատանիներու (16 տարեկանէն վար) ազգային խումբը 86-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիան եւ հասաւ աւարտական որ տեղի պիտի ունենայ այսօր Ամմանի մէջ (Յորդանան) ընդդէմ Իրանի:
Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը արդէն իսկ հասան Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի աւարտական մրցաշարք, որ տեղի կ՛ունենայ Մոնկոլիոյ մէջ: