Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան, շրջաններու միւֆթիները, սիւննիական կրօնական դատարաններու նախագահն ու Պէյրութի եւ Թրիփոլիի միւֆթիներու քարտուղարները ընդառաջեցին Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի ընթրիքի հրաւէրին. վերջինս տեղի ունեցաւ Եարզէի անոր տան մէջ:
Ընթրիքի ընթացքին քննարկուեցան կրօնական հարցեր, Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները:
Տար Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ ընդգծուած են իսլամական եւ ազգային սկզբունքները, լիբանանեան պետութեան երդիքին տակ հաւաքուած լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչները երաշխաւորող Թաէֆի համաձայնագիրի պահպանումը, եւ պետութենէն կը պահանջուի բարեկարգումներ կատարել, զէնքը իր մենաշնորհը դարձնել, իր վերահսկողութիւնը տարածել լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ եւ դրական ընկալել ամերիկեան փաստաթուղթը, որուն շուրջ արաբական համախոհութիւն գոյութիւն ունի` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ ապահովելու համար հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան թշնամիի հեռացումը, կատարելու համար սահմանագծումը, երաշխաւորելու համար Լիբանանի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան, հանգստութեան ու կայունութեան հաստատման համար արաբական եղբայրական պետութիւններուն եւ բարեկամ պետութիւններուն հետ գործակցութիւնը:
Ժողովականները շեշտեցին համերաշխութիւնն ու համախմբուածութիւնը` ամրապնդելու համար ներքին բեմը, որ Լիբանանի դերատարութեան պահպանման համար հիմնական է:
Անոնք յայտնեցին, որ իրենց յոյսը կը կապեն հնգանդամ յանձնախումբի լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն մեծ իմաստութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ հասարակաց կէտերու գոյացման համար շինիչ դիւանագիտութեան, որպէսզի դառնայ մեկնարկը որոնելու ելքեւ, որոնց համաձայն կը գտնուին լիբանանցիները, որոնք ուժեղ, կարող ու արդար պետութեան ճամբով եւ անցեալի ցաւալի էջի փակման ճամբով վերաշինութիւն եւ բարգաւաճում կը սպասեն:
Ներկաները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արաբական, նախ եւ առաջ սէուտական ջանքերուն` աջակցելու սուրիական պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն, որպէսզի սուրիացիները դուրս քան իրենց տագնապէ, անվտանգութիւնը վերականգնի, մերժուի միջամտութիւնը Իսրայէլին, որ աշխատանք կը տանի սուրիացի եղբայրական ժողովուրդի բաղադրիչ մասերուն միջեւ սադրանքի յառաջացման համար:
Ժողովականները ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին պաղեստինցի ժողովուրդին, որ Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ ցեղասպանական պատերազմէ, սպանութենէ, տեղահանութենէն եւ քանդումէ կը տառապի: