Ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30- ին «Օթել Տէօ» հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան եւ «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի միջեւ գործակցութեան եւ մասնագիտացման համաձայնագիրի ստորագրութիւնը` ներկայութեամբ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ` վեր. Հրայր Չոլաքեանի եւ վեր. Սելիմ Սապունճիի, Տաճատ եպս. Աշըգեանի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորա Պայրագտարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի նախագահ հայր Սելիմ Տաքքաշի, «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի տնօրէն Նեսիպ Նասրի, «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի հայ բժիշկներէն տոքթ. Համբիկ Քուրիէի, Քարլօ Աքաչերեանի, Ճինիշեանի, ԼՕԽ-ի, Գարակէօզեանի, ՔԱՀԼ-ի (Ծերանոց) ներկայացուցիչներուն, խնամակալութեան եւ Ազունիէի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի վարչական եւ բժշկական բաժանմունքի պատասխանատուներուն:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց «Օթել Տէօ» հիւանդանոցի տնօրէն Նեսիպ Նասր, ապա Ազունիէի բուժարանին անունով խօսք արտասանեց խնամակալութեան ատենապետ պրն. Յակոբ Լատոյեան: Ստորագրութեան արարողութենէն առաջ խօսք առաւ հայր Սելիմ Տաքքաշ, ապա տեղի ունեցաւ ստորագրութեան արարողութիւնը:
Հանդիպումը աւարտեցաւ առաջնորդ սրբազանին պահպանիչով:
Տեղին է նշել, որ այս պայմանագիրը առիթ պիտի տայ Ազգային բուժարանին կազմակերպչական, մարդուժի, դեղորայքի եւ դարմանատնային սարքերու մասնագիտացման:
Յատուկ թղթակցութեամբ մը հետագային աւելի կ՛անդրադառնանք կատարուելիք աշխատանքներուն:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնց անվերապահ աջակցութեամբ կրցանք հասնիլ այս պայմանագրութեան` յանուն մեր համայնքին մասնագիտական եւ ամբողջական ծառայութեան: