Նախարարաց խորհուրդը երէկ ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի:
Նախագահը ժողովէն առաջ անջատ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Կառավարութիւնը իր ժողովի ընթացքին կատարեց շարք մը նշանակումներ` Մահեր Շհայթոն նշանակելով ելեւմուտքի ընդհանուր դատախազ, Մազեն Սուէյտը` Դրամատուներու հսկողութեան յանձնախումբի նախագահ, իսկ ՆԵտիմ Հատտատը, Թանիա Քլապը, Ալին Սպիրոն եւ Ռապիհ Նաամէն նշեալ յանձնախումբի անդամներ:
Նախարարաց խորհուրդը նաեւ Էլիսար Նատտաֆ- Ժահժահը նշանակեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն, իսկ վարչութեան անդամներ` Ժինան Ուաժտի Մալլաթը, Մուհամետ Նըմըրը, Շարլ Ռըզաքլլա Սապան, Ալի Իպրահիմ Քասեմն ու Ռիմա Հանի Խատտաժը:
Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտնեց, որ նախագահ Աունի Կիպրոս այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է ծովային մալուխ երկարել Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարելու համար, ինչպէս նաեւ Կիպրոս լիբանանցիներուն աշխատանքի հազար տեղ պիտի ապահովէ:
Նախագահը նաեւ նշած է, թէ դրամատուներու վերադասաւորման հարցը այլեւս վերջին փուլին կը գտնուի, եւ քաղաքական թղթածրարի առնչակից նախարարներէն մէկը ըսաւ, որ պէտք է սփիւռքի լիբանանցիներուն Լիբանան գալու վերաբերեալ մտավախութիւնները փարատել:
Ան յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է օրակարգի վրայ գտնուող կէտերուն մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ որոշած է 2019 թուականէն ի վեր Ներքին ապահովութեան ուժերէն փախուստ տուած անդամները իրողական ծառայութենէն վտարուած նկատել` խլելով անոնց որոշ իրաւունքները: