Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 28 մայիս 2025-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 2024-2025 տարեշրջանի 88 աւարտականներ ստացան իրենց վկայականները տօնական հանդէսի մը ընթացքին` հովանաւորութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթերեանի:

Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներու ունկնդրութեան, բացման խօսքը արտասանեցին շրջանաւարտներ Սէրլի Մուղալեան եւ Փերլա Ժաուհարժի, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ:

Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի հովանաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթերեանին` դիտել տալով, որ հայր Մաշտոց Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ մըն է եւ իր ներկայութեամբ կը խորհրդանշէ այն ներդրումը, որ Մեսրոպեան վարժարանը արձանագրած է հոգեւոր ծառայութեան եւ մտաւոր յառաջընթացին մէջ` Լիբանանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: «Հայր Մաշտոց իր անձին ընդմէջէն կը մարմնաւորէ այն գաղափարը, որ Մեսրոպեանը ոչ միայն կրթական հաստատութիւն մըն է, այլ նաեւ` համայնքային մեր կառոյցին հիմքերէն մէկը եւ մարդկային կարողութիւն պատրաստող դարբնոց մը», ըսաւ տնօրէնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան, գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-րդին` վարժարանին նկատմամբ յարատեւ հոգատարութեան եւ խնամքին համար: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին` հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանին` Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչին, որուն առաջնորդութեամբ աշակերտները կը դաստիարակուին հոգեւոր արժէքներով:

Թուարկելէ ետք հոգեւոր կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան, գիտական, արհեստագիտական եւ լեզուական ուսումնառութեան, մարմնակրթութեան, ուսումնական արեւելումի, աշակերտներու առողջապահական հոգատարութեան, կրթական համայնքին եւ մտաւորական միջավայրին հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մարզերուն մէջ անցած տարեշրջանին արձանագրուած յաջողութիւններուն` տնօրէնը կատարեց կարեւոր յայտարարութիւններ` յառաջիկայ տարեշրջանին սպասուող կրթական նորութիւններուն մասին:

Առաջին` դրական պատասխան Ֆրանսայի կրթական մարմիններէն` Մեսրոպեանի homologation-ի գործընթացի բարեյաջող եզրափակումին վերաբերեալ, երկրորդ` Մեսրոպեանը պիտի ներդնէ ֆրանսական պաքալորէայի ծրագիրը` 10-րդ դասարանէն սկսեալ, իսկ երրորդ` յաջորդ տարուան ծրագիրին մէջ պիտի ներառուի ԱԲ-ի` արհեստական բանականութեան ուսուցումը աշակերտներուն:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Կ. Գալուստ յղեց երեք մաղթանքներ. «Ձեր մէջ ամրապնդեցէք լրջութիւնը` կեանքի հանդէպ ունեցած ձեր մօտեցումին մէջ, յարատեւութիւնը, որպէսզի ամուր պահէք դժուարութիւններու դիմաց չընկճուելու ու չընկրկելու կամքը, եւ աշխատասիրութիւնը, որ է յաջողութեան միակ ճամբան»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, վարժարանի անձնակազմի անդամներուն եւ օժանդակ մարմիններուն` շեշտելով, որ իւրաքանչիւրին ջանքն ու յանձնառութիւնը հանդիսացան այն ամուր կռուանը, որուն վրայ կը կերտուին աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ վարժարանին համբաւը:

Այս առիթով Կ. Գալուստ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին հայագիտական նիւթերուն մէջ իր արձանագրած լաւագոյն արդիւնքին համար Մեսրոպեանի «Գէորգ Հաճեան յիշատակի մրցանակ»-ը կը շահի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Փերլա Ժաուհարժի, որուն շնորհիւ ան պիտի մասնակցի Համազգայինի տարեկան Ֆորումին: Ապա ան պատուոյ վկայագիրներ յանձնեց 2024-2025 տարեշրջանին իրենց համապատասխան դասարաններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը ստացած շրջանաւարտներուն:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին` Յակոբ Չափատարեան, Մարիա Քոշոյեան, Ալեքս Գալայճեան եւ Լէա Քէշիշեան, որոնք երախտագիտութեան իրենց զգացումները արտայայտեցին Մեսրոպեանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն` մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան յանուն իրենց կրթութեան ի գործ դրուած զոհողութիւններուն եւ ջանքերուն համար:

Գեղարուեստական մասով շրջանաւարտները կատարեցին նուագներ, երգեցին հայերէն եւ օտարալեզու երգեր, կատարեցին հայկական եւ յունական պարեր եւ, հուսկ, Մեսրոպեանի վահանը փոխանցեցին իրենց յաջորդող աշակերտներուն:

Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթերեան իր հայրական պատգամին մէջ յուզումով յիշեց Մեսրոպեանի մէջ իր աւարտական հանդէսին օրը` 20 տարի առաջ, դիտել տալով, որ մեսրոպեանական մը ըլլալը իրեն համար միշտ եղած է պատիւ եւ պարտաւորութիւն, ո՛ւր ալ գտնուած ըլլայ եւ իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ նորանոր սերունդներ աշխարհ մուտք կը գործեն մարդկային, ազգային եւ քրիստոնէական ամուր նկարագիրով եւ արժէքներով:

Հայր Մաշտոց յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն` շեշտելով, որ հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ հայ ծնողներու զոհողութեան, ազգային գիտակցութեան եւ հոգատարութեան շնորհիւ: Ան դիտել տուաւ, որ այս արժանիքները անգին են` յատկապէս նկատի առած այն աշխարհացունց փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան ինչպէս բոլոր մարզերուն, նաեւ` կրթութեան ոլորտին մէջ, որ օր օրի կը փոխուի արհեստագիտութեան արագընթաց յառաջդիմութեան հետ:

Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթերեան մաղթեց աշակերտներուն, որ անվախօրէն յառաջ ընթանան դէպի գիտութեան եւ ուսման խորքերը, ընդլայնեն իրենց մտահորիզոնը եւ յենած իրենց արմատներուն` բարձր պահեն Մեսրոպեանի անունը, ի փառս Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, իր գործակից հայրերուն, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Հանդէսը աւարտեցաւ վկայականներու բաշխումով:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յաջորդը

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?