Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «Կը Գնահատենք Նախագահ Աունի Դիրքորոշումները»

July 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան ծրագիրը պատերազմի ճամբով չառնուածը քաղաքականութեան ճամբով, Իսրայէլի միջոցով ճնշումներ բանեցնելով առնելն է»:

«Գործնականին մէջ մենք չենք կրնար անժամանակ համբերել, եւ ի վերջոյ սահման գոյութիւն ունի, եւ ես չեմ կրնար մեքանիզմներ կամ ժամանակ մը ճշդել: Եթէ իսրայէլացիները եւ անոնց ետին եղող ամերիկացին կը կարծեն, թէ մեր վրայ աւելի ճնշում բանեցնելով նպատակներ պիտի իրագործեն, կը սխալին», ըսաւ ան:

«Պիտի դիմակայենք, երբ դիմակայման որոշում տանք: Միայն երկու ընտրանք ունինք` յաղթանակ կամ նահատակութիւն, եւ մեր մօտ անձնատուութիւն կոչուող ընտրանք գոյութիւն չունի, ատիկա բացառուած է», նշեց կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը:

«Եթէ կ՛ուզեն խնդիրը լուծել, ապա պէտք է համաձայնութեան ծիրին մէջ իրենց բաժինը գործադրեն, որմէ ետք պետութիւնը յարմար ճամբով կ՛ընթանայ», ըսաւ շէյխ Քասեմ եւ ողջունեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, բանակի հրամանատարն ու առնչակից բոլոր պաշտօնատարները` «Հարաւային արուարձաններու ռմբակոծումէն ետք իրենց միացեալ դիրքորոշման համար»:

«Մենք կ՛առողջանանք, եւ այժմ պատրաստ ենք», նշեց ան:

Անդրադառնալով ներլիբանանեան քաղաքականութեան` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը «հաշտութեան տեղ չեն ձգած», Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ լուսարձակներէ հեռու հանդիպումներ եղած են, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ հաղորդակցութիւն կայ:

«Կը գնահատենք նախագահ Աունի դիրքորոշումը, եւ Լիբանանեան բեմը ականատես պիտի դառնայ բոլոր կողմերուն հետ Հըզպալլայի քաղաքական լայն ու համապարփակ շարժումի մը», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, շէյխ Քասեմ ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ դիմադրութեան հետ կապ չունինք, ո՛չ ալ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի դէպքերուն հետ: Այդտեղ դիմադրութիւն հիմնելու ծրագիր չունինք»:

«Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, Դիմադրութեան առանցքին համար կորուստ է, եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, որ երեւան եկաւ, շատ վտանգաւոր է, եւ կը կարծեմ, թէ սուրիացի ժողովուրդը զայն պիտի չընդունի», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը Իր Շքանշանով Պարգեւատրեց Պայրագտարեանը

Յաջորդը

Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի, Սակայն Համբերութիւն Չունի»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.