Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան ակումբներու մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումները` առանց մասնաւոր անակնկալներու:
Ֆլումինենսէ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիլալը, շնորհիւ Մարթինելլիի եւ Հերքուլիսի կոլերուն: Մարքոս Լէոնարտօ նշանակեց Հիլալի միակ կոլը: Արդար ըլլալու համար սէուտական Հիլալ համեմատաբար աւելի լաւ ֆութպոլ խաղցաւ եւ առիթներ ունեցաւ, բայց ֆութպոլի մէջ կարեւորագոյն բանը` կոլ նշանակել չկրցաւ:
Անգլիոյ Չելսին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փալմէյրասը: Քոլ Փալմըր եւ Փալմէյրասի բերդապահ Ուեվըրթըն (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Լոնտոնի ակումբին կոլերը: 18 տարեկան Էսթեւաօ 53-րդ վայրկեանին նշանակեց Փալմէյրասի միակ կոլը:
Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն դժուար մրցումէ ետք 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պայերն Միւնիխը:
Առաջին կիսախաղին երկկողմանի յարձակումներ եղան եւ առիթներ ստեղծուեցան: 45-րդ վայրկեանին Պայերն Միւնիխի յարձակող միջնապահ Ժամալ Մուսիալա, որ 2 շաբաթ առաջ վերադարձած էր կանաչ դաշտեր, անցեալ ապրիլէն բացակայելէ ետք (վիրաւոր էր) գնդակին կը փորձէր հասնիլ, երբ Փարիզի բերդապահ Տոնարումա միջամտեց… Մուսիալայի ձախ ոտքը Տոնարումայի մարմնին տակ մնաց` պատճառ դառնալով անոր կոտրելուն:
Առանց Մուսիապայի Պայերա Միւնիխի յարձակումները աւելի նուազ ազդեցութիւն ունէին, բան մը, որ պատճառ ալ դարձած էր «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալու ապրիլին:
Տեզիրէ Տուէ 78-րդ վայրկեանին նշանակեց ֆրանսական ակումբի առաջին կոլը, որմէ ետք էքուատորցի յետսապահ Ուիլիան Փաչօ (82-րդ)` եւ Լուքաս Հեռնանտես (92-րդ) կարմիր քարտեր ստացան` բիրտ խաղարկութեան պատճառով:
Վերջին վայրկեաններուն Պայերն մեծ թիւերով կը յարձակէր առնուազն հաւասարելու, բայց Ուսման Տեմպելէ կոլ մը եւս նշանակեց 96-րդ վայրկեանին` վերջ դնելով գերմանացիներուն յոյսերուն:
Կիսաւարտականին` վաղը, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տորթմունտը:
Կոնսալօ Կարսիա նշանակեց Ռէալի առաջին եւ այս մոնտիալի իր 4-րդ կոլը, 10-րդ վայրկեանին:
20-րդ վայրկեանին Ֆրան Կարսիա նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը: Բ. կիսախաղին Տորթմունտ ինքզինք գտաւ, բայց 93-րդ վայրկեանին միայն կրցաւ կոլ նշանակել` շնորհիւ Մաքսիմիլիան Պայերի:
Արագ հակայարձակումի մը վրայ, Քիլիան Էմպափէ նշանակեց 94-րդ վայրկեանին, որմէ ետք Տորթմունտ անմիջապէս պատասխանեց փենալթիով մը, երբ Տին Հոյսըն Տորթմունտի մարզիկներէն մէկը գետին բերաւ եւ կարմիր քարտ ստացաւ: Սերհուկիրասի նշանակեց փենալթին, եւ հազիւ ակնթարթ մը ետք Մարսել Սապիցըրի ռմբային հարուածը կրցաւ զսպել Ռէալի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա, որմէ ետք իրաւարարը սուլեց մրցումին աւարտը:
Այսօր ժամը 22:00-ին, Ֆլումինենսէ պիտի մրցի Չելսիի դէմ, Նիւ Ճըրզիի մէջ, մինչ վաղը, նոյն ժամուն, նոյն դաշտին վրայ, Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ: