Վեթերան թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ իր 101-րդ յաղթանակը տօնեց Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքին, Դ. հանգրուանին պարտութեան մատնելէ ետք աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինաուրը 1-6, 6-4, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով` 3 ժամ 20 վայրկեան մրցումէ մը ետք:
Առաջին սեթը արագ ձեւով յաղթելէ ետք, թիւ 11 թենիսմեն Տը Մինաուր յոյս ունէր տարի մը ետք առիթ ունենալու Ճոքովիչին յաղթելու: Անցեալ տարի քառորդ աւարտականի հասած Տը Մինաուր վիրաւորուած էր Արթիւր Ֆիսին դէմ մրցումի վերջին գնդակին պահուն, ուր չկրցաւ մասնակցիլ քառորդ աւարտականի իր ճակատումին` Ճոքովիչի դէմ:
Երէկ քանի մը առիթով ան յառաջացաւ 4-րդ սեթին 4-1 արդիւնքով, բայց սերպ Ճոքովիչ տակաւին ուժ ունի ըստ երեւոյթին եւ կրցաւ յաջորդական 5 կէտեր շահելով հասնիլ քառորդ աւարտական:
Ճոքովիչ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի թիւ 22 դասուած իտալացի Ֆլաւիօ Քոպոլիի դէմ, որ դուրս ձգեց 36 տարեկան խրուաթ Մարին Չիլիչը 6-4, 6-4, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով:
Կարէն Խաչանով հասաւ քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի թիւ 5 դասուած Թէյլըր Ֆրիցի դէմ:
Թիւ 2 դասուած Քարլոս Ալքարաս պիտի մրցի Քամերուն Նորիի դէմ: Ալքարաս 6-7, 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Անտրէ Ռուպլեւին: