Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը Անսարի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Սանհարիպի դէմ, Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին:
Արդիւնքը կարեւոր էր այն իմաստով, որ խումբը 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց 9 մրցումներու ընթացքին, եւ Նուժումի դէմ 2-րդ հանգրուանին անակնկալ պարտութիւնը միայն պատճառ դարձաւ, որ խումբը չհասնի յաջորդ հանգրուան:
Աթլեթիքոյի դէմ նոյնիսկ ՀՄԸՄ կրնար հաւասարիլ, բայց արդէն իսկ այս բոլորը այլեւս անցեալ են, եւ պէտք է նայիլ յառաջ:
Շաբաթ օր Սանհարիպ, 4 կէտի առաւելութիւն ունէր ՀՄԸՄ-ի վրայ, կը կարծէր, թէ դիւրին պիտի ըլլայ յաղթելը ՀՄԸՄ-ին, ուր տղաքը լաւ պայքար տարին եւ 9-րդ վայրկեանին փենալթի մը շահեցան, երբ Մոհամետ Ապտել Սաթեր գետին բերուեցաւ մեծ քառակուսիին մէջ: Մահմուտ Հաուլի նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը:
Սանհարիպ փորձեց պատասխանել, բայց Ալի Նասրէտտին կրցաւ անառիկ պահել իր բերդը:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, իրաւարարը փենալթի մը «նուիրեց» մրցակից Սանհարիպ խումբին: Արդիւնք` 1-1:
68-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք գնդակը հասաւ Ապտել Սաթերի, որ դէպի ետեւ կը փորձէր հարուածել, երբ գնդակը դպաւ մրցակիցի մը ձեռքին: Անվիճելի փենալթին կոլի վերածեց Ալի Ապտալլա: Արդիւնք` 2-1 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Վերջին քառորդ ժամուն մրցակից խումբը վտանգեց ՀՄԸՄ-ի բերդը, որուն ձողը զսպեց հարուած մը, մինչ Նասրէտտին իր կարգին զսպեց քանի մը առիթ, եւ ՀՄԸՄ իր տարեշրջանը աւարտեց 3-րդ դիրքին վրայ` 1 կէտով ետ մնալով Սանհարիպէն, որ աւելի ուշ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի 4-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, այս մրցումին յաղթականն ալ պիտի հասնի Դ. դասակարգի վերջին հանգրուան:
ՀՄԸՄ այս տարի կրցաւ յաղթել Արզի (5-2), Անդրանիկ (1-0), Պէյրութ Ֆ. Ք.-ի (1-0), Նօ Լիմիթցի (4-1), Տինամօ Պէյրութի (1-0), Սապիլի (5-3) եւ Սանհարիպի (2-1), մինչ պարտութիւններ կրեց Նուժումէն (1-2) եւ Աթլեթիքոյէն (0-1):