Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան Ներկայացուց Լիբանանահայութիւնը

Յուլիս 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 տարեկան Սերաֆինա Սերոբեան վերջերս Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) ներկայացուց Լիբանանը` գեղարուեստական մարմնամարզութեան պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան:

72 երկիրներէ 370 մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ախոյեանութեան, ուր Սերաֆինա Սերոբեան միակ ներկայացուցիչն էր Լիբանանէն` ներկայացնելով հայութիւնն ալ:

Այս մարզաձեւը հետզհետէ կը յառաջդիմէ Լիբանանի մէջ եւ վերջերս միայն ֆետերասիոն ունեցաւ, բայց ապագային աւելի յառաջդիմելու նպատակով շատ քաջալերանքի կը կարօտի:

Անձնական միջոցներով մասնակցութիւնը շատ դժուար կ՛ըլլայ, եւ ընտանիք մը որքան ալ կարող ըլլայ, պէտք պիտի ունենայ առնուազն լիբանանեան պաշտօնական ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ բարոյական օգնութեան:

Ամէն մարզաձեւի մէջ վստահաբար անձնական կամ խմբային մարզիչ ունենալը կարեւոր է` բարելաւուելու համար, բայց երբ հայրենիք ներկայացնել կայ խնդիրին մէջ, վստահ որ նեցուկ կանգնելու բարոյական կեցուածք մը պէտք է ըլլայ մինչեւ իսկ նախարարութեան մակարդակով:

Սերաֆինա Սերոբեան այդ կարողութիւնը չունէր կանուխ պատրաստուելու ախոյեանութեան, մանաւանդ որ տակաւին ամիսներ առաջ անոր մաս կազմած ակումբը ապահովական նկատառումներով իր կեդրոնատեղին Ժընահէն փոխադրած էր Մոն լա Սալ:

Վստահ նոր միջավայրի մէջ, նոր մարզիչներով տարբեր էր, եւ 2 ամսուան պատրաստութիւնը թերեւս Լիբանանի համար բաւարար թուի, սակայն երբ այլ 71 երկիրներէ մասնակիցներ տարիէ մը աւելի կը մասնակցին, տարբերութիւնը կ՛երեւնայ:

Կը մաղթենք, որ այս մարզաձեւը կառավարութեան յաւելեալ ուշադրութեան կ՛արժանանայ: Պետութիւնը պէտք է թիկունք հանդիսանայ բոլոր մարզաձեւերուն` ամրանալու եւ ապագային աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:

Սերաֆինա Սերոբեան, որ նախապէս պալէի փորձերու կը հետեւէր, 3 տարիէ աւելի այս մարզաձեւին մէջ կը գտնուի եւ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով կը փորձէ աւելի եւս բարելաւել իր մակարդակը, շնորհիւ Լիբանան գտնուող ռուս թէ ուքրանացի մարզիչներու:

Յաջողութիւն կը մաղթենք Սերաֆինա Սերոբեանին եւ իր ընտանիքին` յոյսով, որ ան աւելի բարձր նուաճումներու հասնի ապագայի միջազգային մրցաշարքերուն:

 

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ 101-րդ Յաղթանակը Տօնեց Ուիմպըլտընի Մէջ

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը Յաղթանակով Փակեց Իր Տարեշրջանը

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?