Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսուն Տարի

July 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ.

Պատմութեան էջերուն մէջ կան դէմքեր, որոնց անունները ո՛չ միայն արժանի են յիշուելու, այլ նաեւ` միշտ վերադառնալու եւ անոնց խոնարհումով անդրադառնալու: Դէմքեր, որոնց կեանքը եղաւ ապրող վկայութիւն` ինքնազոհողութեան, նուիրումի եւ անձնուրաց ծառայութեան: Անոնց առաքելութիւնը ժամանակէն վեր է, իսկ պատգամը` անժամանցելի: Եւ մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ այդ դէմքը կը հանդիսանայ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

1 յուլիս 1995-ին Անթիլիասի մէջ լռութիւնը վերածուեցաւ աստուածային հնչեղութեան: Կաթողիկոսարանի զանգերը հնչեցին ո՛չ իբրեւ աւանդոյթ, այլ` իբրեւ ցնծութեան ու յոյսի հովհար: Անոնք հզօր ու յուզիչ ալիքներու նման` լեցուցին օդը եւ հայոց աշխարհին տարածեցին բարութեան, վերածննդեան եւ միութեան աւետիսը: Ղօղանջը կը պատգամէր, կը բարբառէր ճշմարտութիւն մը` «Հա՛յ ժողովուրդ, քեզի նոր վեհափառ մը պարգեւուեցաւ»:

Նոր կաթողիկոս մը` ո՛չ միայն Ս. Աթոռին արժանի, այլ նաեւ` ժամանակի կանչը զգացող, ազգին կարիքները իր մէջ կրող:

Կաթողիկոս մը, որ նախքան իր ընտրութիւնը`  ոգի ի բռին իր կեանքը տուաւ լիբանանանահայութեան, մնալով անոնց կողքին` քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, ուրախութեան եւ տխրութեան պահերուն, հաւատալով իր կատարած երդումին, անսալով Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ծառայութեան:

Կաթողիկոս մը, որ երբեք իր անձին մասին չմտածեց, իր կեանքը իբրեւ մատաղ ընծայեց բոլորին` միակ նպատակը ունենալով ծառայել մերազնեայ ժողովուրդին:

Կաթողիկոս մը, որ մինչեւ օրս Մովսէս մարգարէի ցուպը ի ձեռին` կ՛առաջնորդէ իր հօտը դէպի աւետեաց երկիր, դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:

Կաթողիկոս մը, որ Աբրահամի նման եղաւ ու կը մնայ այն հայրը, որ երբեք երես չի դարձներ իր զաւակներէն, այլ իր խիզախութեամբ եւ սիրով ցոյց կու տայ իր գուրգուրանքը` հանդէպ իր զաւակներուն:

Կաթողիկոս մը, որ կ՛աշխատի ի խնդիր իր ազգին բարօրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան, եկեղեցականաց զարգացման համար:

Վեհափա՛ռ տէր, ծովածաւալ հայ ժողովուրդը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ճանչցած է ձեզ` իբրեւ քաջարի եւ բազմավաստակ կաթողիկոս: Կեցուածքովը խիզախ, խօսքովը հաստատ եւ նայուածքովը` գուրգուրալից: Հայ ժողովուրդը գիտակցաբար եւ վստահաբար ինքզինք ձեզի կը յանձնէ այն խոր հաւատքով ու համոզումով, որ ան ձեր մէջ կը տեսնէ` այսօրուան գլխագիր Մարդը, ուժեղ եւ տոկուն անձնաւորութիւնը, արի ու բարի նկարագիրով, իմաստութեան եւ յստակութեան առաքինութիւններով օժտուած եւ փորձութեանց, տագնապներու ու դժուարին կացութեանց մէջ փորձառու պատրաստուած եւ թրծուած հոգեւորականը, մէկ խօսքով` ՀԱՅՐԸ:

Ձեզի համար անցնող երեսուն տարիները սովորական ժամանակի շղթայ մը չէին: Անոնք տարիներ էին` լի ծանր փորձութիւններով, խոր ցաւերով եւ բազմաբնոյթ տագնապներով: Ձեր ուղին անցաւ հիւանդութիւններու ու պատերազմի արհաւիրքներու մէջէն, համաշխարհայնացման ու արհեստական ճնշումներու քայքայիչ վտանգներէ, որոնք

նպատակ ունէին խախտել մեր ժողովուրդին հոգեւոր ու ազգային հիմքերը: Բայց դուք` իբրեւ առիւծի ուժով տոկուն եւ արծիւի տեսիլքով հեռատես վեհափառ, երբեք չընկրկեցաք, կանգուն մնացիք` իբրեւ հաւատքի եւ նուիրումի անսասան սիւն: Ձեր զէնքը Աստուծոյ հանդէպ անսասան վստահութիւնն էր, իսկ ձեր վահանը` ձեր առաքելութեան գիտակցութիւնը: Այդ երկար ու փոթորկալից ճանապարհին դուք շինեցիք, պաշտպանեցիք եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցիք վառ պահելու հաւատքի սրբավայրը` հայ ժողովուրդին մէջ:

Այսօր, վեհափա՛ռ տէր, կու գանք խոնարհելու Ձեր մատուցած ծառայութեան առջեւ, ողջ Կիլիկեան ուխտապահ միաբանութիւնը, հաւատարիմ` Հայ եկեղեցւոյ կրօնական եւ ազգային դերին, Սուրբ Աթոռիս իրաւունքներու պահպանման նախանձախնդիր, ձեր առաջնորդութեան տակ ամբողջական զոհաբերութեամբ ի սպաս կը դնենք մեր ուժերն ու բոլոր կարելիութիւնները` պահպանելու եւ բարգաւաճեցնելու այս դարաւոր Աթոռը եւ երթալու հո՛ն, ուր կ՛ուզէ ձերդ սուրբ օծութիւնը:

Աղօթող ենք, վեհափա՛ռ տէր, որ Աստուած երկարէ ձեր կեանքը, համբերութիւն, իմաստութիւն, շնորհք եւ առողջութիւն պարգեւէ ձեզի, անշարժ ու անսասան պահէ Սուրբ Աթոռս, ձերդ օծութիւնը` ի պայծառութիւն Հայոց սուրբ եկեղեցւոյ եւ ի փառս ազգիս հայոց:

Մէջբերելով հայրապետական մաղթանքի մէջ գրուած աղօթքը, կ՛աղաչենք Տիրոջ` ըսելով.  «Հայր մեր, կ՛աղօթենք մեր սրբազնագոյն հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալին` Տ. Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի առողջութեան համար: Ցոյց տուր Անոր քու քաղցր զօրութիւնդ, որպէսզի մեծարուելով պատիւ ստանայ քեզմէ, եւ Դուն փառքովդ փառաւոր դարձնես զԱյն` մեր եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի արժանաւոր ծառայութեամբ, քու ժողովուրդիդ պայծառութեան եւ կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռիս հաստատութեան համար անսայթաք կեանքով եւ առաքինի առաջնորդութեամբ քու կամքդ կատարէ` ի փառս եւ ի պատիւ Ամենասուրբ Երրորդութեանդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:

 

 

 

Նախորդը

Այցելութիւն` Հանրապետութեան Նախագահին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.