Այսօր, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի կ՛ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն վիճակաձգութիւնը, որուն աշխարհասփիւռ հայորդիներ առցանց կրնան հետեւիլ միութեան դիմատետրի (Homenetmen-ՀՄԸՄ) եւ Եութիուպի (MyHomenetmen) էջերով:
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը ընթացք առած են 1981-ին, միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն եօթը տարի ետք: Անոնք կը կատարուին չորս տարին անգամ մը: 2009-էն ի վեր մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը 24 յուլիսէն 2 օգոստոս տեղի պիտի ունենան Երեւանի եւ Արտաշատի մէջ: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 26 յուլիսին: Մարզախաղերուն կը մասնակցին միութեան 17 շրջաններէն աւելի քան 725 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք պիտի մրցին ինը մարզաձեւերու մէջ. ֆութպոլ (կրտսեր-երէց), պասքեթպոլ (տղաք` կրտսեր-երէց, աղջիկներ` երէց), ֆութսալ (տղաք, աղջիկներ), վոլիպոլ (աղջիկներ), ճատրակ, աթլեթ, լող, թենիս եւ փինկ-փոնկ:
Յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով մարզախաղերը կ՛ընդգրկեն նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու «Հրաշք» մարզախաղերը, որոնք կը կատարուին 28 եւ 30 յուլիսին:
Մարզախաղերու առընթեր, Հայաստան ժամանած մարզիկ-մարզիկուհիները առիթը պիտի ունենան միասնաբար տօնելու Վարդավառը: Անոնք պիտի կատարեն Լիզպոնի նահատակներու յիշատակին յեղափոխական երգերու երեկոյ եւ պիտի մասնակցին ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորին կազմակերպած «Արցախի օր»-ուան: Այցելութիւններ պիտի կատարուին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Էջմիածին:
Մարզախաղերու մեկնարկէն օր մը առաջ կը կատարուի պաշտօնական մամլոյ ասուլիս` ներկայացնելու համար խաղերուն ժամանակացոյցն ու մասնակիցները:
Մարզախաղերը կ՛եզրափակուին յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով: