Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ 5-3 Արդիւնքով Յաղթեց Սապիլին

June 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բուռն պայքարէ ետք կրցաւ 5-3 արդիւնքով յաղթել Սապիլին:

Սապիլ 3-րդ վայրկեանէն անակնկալի բերաւ ՀՄԸՄ-ը` նշանակելով կոլ մը եւ օգտուելով Հայսամ Մոքտատի ու բերդապահ Մահմուտ Ֆաքիհի անհասկացողութենէն: Պէտք է ըսել, որ Ֆաքիհ լաւ ելոյթ մը չունեցաւ` պատճառ դառնալով փենալթիի մըն ալ 82-րդ վայրկեանին, նեղի մատնելով ՀՄԸՄ-ը:

Ա. կիսախաղին մօտ 25-րդ վայրկեանին մրցումը մօտ 10 վայրկեան դադրեցաւ, երբ իրաւարարը ֆաուլ մը սուլեց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, բայց ըստ երեւոյթին մրցակից խումբի պահեստի աթոռներուն վրայ նստած անպատասխանատու անձ մը իրաւարարի հասցէին անկիրթ խօսքեր արտասանեց, նոյնիսկ անոր սպառնալով…

Իրաւարարը իր ապահովութեան համար դուրս եկաւ դաշտէն եւ կապ հաստատեց ապահովական ուժերուն հետ աւելի ապահով զգալու համար, անշուշտ վտարելէ ետք այդ անձը, որուն նման մարդիկ մարզական աշխարհի մէջ տեղ պէտք չէ ունենան:

ՀՄԸՄ առիթներ ստեղծեց, բայց միայն 69-րդ վայրկեանին ազատ հարուածէ մը ետք Շարքաուի գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 3 վայրկեան ետք Ալի Սալման նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը: 78-րդ վայրկեանին Ալի Ապտալլա նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը ախորժակի եկած էին աւելցնելու կոլերու հաշիւը, սակայն մոռցած էին իրենց բերդը պաշտպանելու գործը…

80-րդ վայրկեանին, ապա 82-րդ վայրկեանին «նուէր» փենալթիով մը Սապիլ հաւասարեցուց (3-3) արդիւնքը: Մինչ այդ, դաշտ ներկայացած էր Վահագն Զարմէնեան, որ ձախէն յաճախ «կը ճեղքէր» եւ կը հարուածէր Սապիլի բերդին, մինչ Մայքըլ Արսլանեան աջէն խաղի կը բերէր Սապիլի ձախ կողմի մարզիկները:

88-րդ վայրկեանին խմբապետ Ապտել Սաթերի փոխանցումէն օգտուելով, Հայսամ Մոքտատ (Մոքա) նշանակեց 4-3-ի կոլը: Մրցումի 94-րդ վայրկեանին միջնապահ գիծի տինամօ Աւագ Պալապանեանի գեղեցիկ խաղարկութենէն ետք ան հարուած մը ղրկեց դէպի Սապիլի բերդ, ուր գնդակը ցատկելէ ետք բերդին առջեւ «խաբեց» բերդապահը, որ հազիւ կը հասնէր վերստին զսպելու իր զսպած գնդակը: Վրայ հասաւ Վահագն եւ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը: Աներեւակայելի էր դաշտը գտնուող մարզիկներուն եւ համակիրներուն ուրախութիւնը այս կոլէն ետք, ուր Վահագն հետզհետէ ինքզինք կը փաստէ իբրեւ ապագայի փայլուն աստղ` Լիբանանի դաշտերուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 Կոլ Նշանակեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.