Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 Կոլ Նշանակեց

June 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ոչ շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, բայց 7 անպատասխան կոլեր նշանակեց Ժապալ Մարժալպաանա խումբին դէմ:

Մրցակիցը այնքան լաւ խումբ մը չէր, բայց առաջին վայրկեաններուն քիչ մնաց անակնկալ կոլ մը նշանակէր:

6-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեան բացաւ մրցումին հաշիւը: 6 վայրկեան ետք անցեալ տարուան կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ նշանակեց Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը:

Կիսախաղ չեղած Եուսեֆ Համատէ եւ Ալի Ֆահս 37-րդ եւ 40-րդ վայրկեաններուն նշանակեց երկու այլ կոլեր:

Կիսախաղին Ֆատել Ռիտա եւ Ալի Ֆահս փոխարինուեցան Տիգօ Վարդանով եւ Իպրահիմ Մուսաուիով:

Քանի մը վայրկեան ետք Պազզէին փոխարինեց Էլի Փիլաւճեան, իսկ Հիւսէյն Զալզալէ` Սերժին:

Այս փոփոխութիւնները վստահ տղոց հանգիստ պահելու համար էր սաստիկ տաք օդին:

Դաշտ ներկայանալէ 3 վայրկեան ետք, Զալզալէ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը 70-րդ վայրկեանին:

81-րդ վայրկեանին մրցակից խումբի յետսապահներէն մին ճնշումի տակ իր բերդին մէջ նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 6-րդ կոլը:

84-րդ վայրկեանին Մուսաուի նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 7-րդ կոլը, բայց պէտք է ընդունիլ, որ եթէ մրցակից բերդապահը լաւ վիճակի մէջ չըլլար, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրնար շատ աւելի կոլեր նշանակել:

Թերեւս զարմանալի կը թուի, բայց այնքան ալ լաւ ելոյթ չունեցան տղաքը, մանաւանդ շատ դիւրին գնդակներ կորսնցնելով, բայց ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, շատ կարեւոր է կարելի եղածին չափ սխալ գործել, կրնայ ըլլալ շատ աւելի տկար մրցակից մը առիթէն օգտուի եւ կոլ նշանակէ:

Տակաւին մէկ մրցում կայ Բ. հանգրուանին գծով, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց կը մնայ ամէն մրցակից լուրջի առնել, կանուխ կոլ նշանակել եւ կեդրոնանալ մրցումին վրայ` օգտուելով մրցակիցի նուազագոյն սխալներէն:

Դեղին քարտերու գծով ալ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ մրցակիցներու կոշտ կամ անկիրթ ոճէն խաբուելով «ծուղակի մէջ» չիյնալ:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Արամ Սարգսեան Յաղթեց Թուրք Ըմբիշին Եւ Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ 5-3 Արդիւնքով Յաղթեց Սապիլին

RelatedPosts

«Ֆիֆփրօ 11».  Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն
Մարզական

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

November 11, 2026
Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ.  Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան
Մարզական

Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ. Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

November 11, 2026
Ըմբշամարտ.  Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…
Մարզական

Ըմբշամարտ. Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.