Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ժահժահ. «100 Առ Հարիւր Համաձայն Էինք»

Յունիս 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը:

Ժահժահ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Նախագահ Աունի հետ կապը ընտրութենէն առաջ եւ ետք չկտրուեցաւ»:

«Քննարկեցինք վերջին զարգացումները եւ գնահատում մը կատարեցինք տեղի ունեցածէն ետք ներքին մակարդակի վրայ պահանջուած որոշումներուն,  համամտութիւնը 100 առ հարիւր էր», նշեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

«Նախագահ Աուն ամբողջովին մտադիր է եւ վճռակամ Լիբանանի մէջ իրողական պետութեան ստեղծման, եւ այդ ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ», ըսաւ ան:

«Նախագահ Աունին որեւէ պատգամ չուղղեցինք, այլ` անոր հետ կը հաղորդակցինք եւ նիւթերու շուրջ քննարկում կը կատարենք», յայտնեց Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը նշեց. «Ժամանակն է, որ Լիբանանի մէջ իսկական պետութիւն գոյանայ, եւ ատիկա նախքան արտաքին պահանջ մը ըլլալը բոլոր լիբանանցիներուն շահերէն կը բխի»:

Ժահժահ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Շրջանին մէջ Եմէնէն մինչեւ Լիբանան զարտուղի կացութիւն մը կար եւ կարելի չէր, որ ատիկա շարունակուի: Կը կարծեմ, թէ պիտի հասնինք ամերիկեան-իրանեան լուրջ փոխհասկացողութեան, որ խնդիրներուն վերաբերեալ մեր տեսակէտին ու Լիբանանի գերագոյն շահերուն համահունչ պիտի ըլլայ»:

«Լիբանանի մէջ պետութեան կայացման համար պէտք է մէկ բանակ ունենանք, եւ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումը ըլլայ կառավարութեան ձեռքը: Պետութիւնն է, որ այդ որոշումը կու տայ», շեշտեց ան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է, որ  Հըզպալլայի զէնքի յանձնման վերաբերեալ ժամանակացոյց ճշդուի` շեշտելով, որ կը զօրակցի Լիբանանի մէջ յստակ սահմանուած պետութեան ստեղծման:

Ժահժահ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «5 ամիսէ ի վեր իշխանութեան մէջ «փտածութեան որեւէ շունչ» չզգացի»:

Նախորդը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Քաթարի Վրայ Իրանեան Յարձակումը

Յաջորդը

Այցելելով Քաթար` Սալամ. «Կրցանք Պատերազմի Մէջ Լիբանանի Ներքաշումը Արգիլել Եւ Կը Ջանանք Հեռացման Համար Ճնշում Բանեցել Իսրայէլի Վրայ»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?