Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիքօ Ուիլիամսի Միանալը Կ՛օգնէ՞, Թէ Կը Վնասէ Պարսելոնային

June 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ «հսկաներէն» Պարսելոնա, որ կը նկատուի Եւրոպայի ամէնէն երիտասարդ եւ ամբողջական կազմերէն մէկը, ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել Սպանիոյ ձախ ծայրի յառաջապահ Նիքօ Ուիլիամսը` Աթլեթիք Պիլպաօ ակումբէն:

Քանի մը օր առաջ, Պարսելոնա իր քաղաքի միւս խումբին` Էսփանիոլի բերդապահը` Ժոան Կարսիան ձեռք ձգած էր, բայց թէ այս փոխանցումները պիտի օգնե՞ն Պարսելոնային, թէ՞ ոչ, օրերը ցոյց կու տան միայն:

Վստահ, որ բերդապահ Կարսիա շատ կարեւոր տարր մըն է եւ 24 տարեկանին արդէն իսկ կը նկատուի Սպանիոյ ապագայի աստղերէն:

Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք Անտրէ Թեր Շթեկըն «ծախու» դրուած է, հակառակ անոր որ պայմանագրութիւն ունի տակաւին մինչեւ 2028: Թեր Շթեկըն, որ վերջերս վերադարձած էր երկար ժամանակ վիրաւորուելէ ետք, կը պահանջէ 42 միլիոն եւրօ` լքելու Քաթալոնիոյ ակումբը, մինչ Պարսելոնա կ՛ուզէ վճարել միայն 1 տարուան աշխատավարձքը` 6,3 միլիոն եւրօ, պայմանագրութիւնը խզելու համար: Անդին կան նաեւ բերդապահներ Ինաքի Փենիան եւ Վոյչիք Չեզնին, որոնց ապագան նոյնպէս մութ կը թուի: Ինաքի բնաւ մարզիչ Հանզի Ֆլիքի ծրագիրներուն մէջ չի գտնուիր, մինչ Չեզնի ֆութպոլի աշխարհ վերադարձաւ Պարսելոնայի նեղ վիճակին մէջ, եւ կատարելագործեց ինքզինք իրեն վստահուած գործին մէջ:

Այժմ Նիքօ Ուիլիամսի հարցն է: Նախագահ Ժոան Լափորթա իրականութեան մէջ այդքան ալ պէտք չունի Նիքօ Ուիլիամսին, մանաւանդ որ անոր նախընտրած դիրքին վրայ ունի պրազիլցի Ռաֆինիան: Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, Լափորթա այս ձեւով մեծ թիւով սպանացիներ ունենալով պիտի սիրաշահի բոլոր սպանացիները:

Սպանացի այդ մարզիկներն էին` Ժոան Կարսիա, Էրիք Կարսիա, Փաու Քուպարսի, Ալեխանտրօ Պալտէ, Ինիկօ Մարթինես, Հեքթոր Ֆորթ, Ժերարտ Մարթին, Մարք Պեռնալ, Մարք Քասատօ, Փապլօ Թորրէ, Փետրի, Տանի Օլմօ, Կաւի, Ֆերմին Լոփես, Ֆերան Թորրես, Փաու Վիքթոր եւ Լամին Եամալ:

Հարցը հոս չ՛աւարտիր: Մարզիկ ձեռք ձգելը ինքնին հարց մը չէ. բուն հարցը զանոնք արձանագրելն է: «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս անցեալ տարուան նման նոյն հարցը դրաւ սեղանի վրայ: «Պարսելոնա քանի մը մարզիկներէ պէտք է ձերբազատի` նոր մարզիկներ արձանագրելու համար», հարց մը, որ պատահեցաւ անցեալ ամրան, երբ խումբը վերջին վայրկեանին ձեռք ձգած էր Տանի Օլմոն:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Աւարտականին. Հալիպըրթըն Կարելին Ըրաւ Եւ Ինտիանա Պարտադրեց 7-րդ Ճակատում

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Փարիզ Սեն Ժերմենի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.