18 յունիսին դատարանը որոշեց գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը դատապարտել երկու ամսուան բանտարկութեան:
Մինչ Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական դատարանը կը քննէր բանտարկութեան միջնորդութիւնը Կարապետեանի, որ ձերբակալուեցաւ 17 յունիսի երեկոյեան` այլ անձերու հետ, Կարապետեանի հարիւրաւոր աջակիցներ հաւաքուած էին դատարանին մօտ: Հոն էին նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, պատգամաւորներ եւ մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր:
Կարապետեան չ՛ընդունիր իրեն դէմ եղած մեղադրանքը, ինչպէս աւելի կանուխ ըսած էին անոր փաստաբանները, անհեթեթ նկատելով` իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչ ուղղելը:
Սամուէլ Կարապետեանի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով յայտնեց, որ անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները որեւէ իրաւական կամ փաստական հիմք չունին եւ անիկա ակնյայտ ճնշման փորձ են: «Սամուէլ Կարապետեանը միշտ խօսած է եւ կը շարունակէ խօսիլ հայ ժողովուրդի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու շահերու պաշտպանութեան օգտին: Անոր խօսքերն ու գործողութիւնները բացառապէս ուղղուած են քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ կրօնի ազատութեան խաղաղ պաշտպանութեան», կը նշուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Կարապետեան յայտնեց, որ այս քայլը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ «գործող իշխանութեան ամբողջ սնանկութիւնը: «Անկեղծ ատելութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ, քամահրական վերաբերմունքը ազգային արժէքներուն հանդէպ, առողջ քննադատութեան անընդունելիութիւնը, որեւէ այլախոհութիւն կոպտօրէն ճնշելու հիւանդագին ցանկութիւնը, ցաւօք, այս իշխանութեան «որակներու» ոչ ամբողջական ցուցակն է», ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ` «պիտի համախմբուինք եւ պիտի կարողանանք ելք գտնել մեր երկրին շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակէն»:
«Երբեք պիտի չհրաժարիմ իմ սկզբունքներէս ու արժէքներէս, որովհետեւ անոնց հիմքին մէջ նոյնինքն Հայաստանն է, անհուն յարգանքն ու սէրը իմ հայրենիքիս, մեր աւանդութիւններուն, մեր պատմութեան, մեր եկեղեցւոյ հանդէպ», յայտարարեց Կարապետեան:
Ս. Էջմիածինի պատահարը դատապարտելի նկատեց: «Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող հետապնդումը վարչապետի հակաեկեղեցական գործողութիւններուն հերթական դրսեւորումն է` նպատակ ունենալով վախի ու սպառնալիքի կիրարկումով Հայոց եկեղեցին զրկել հաւատաւոր իր հօտին աջակցութենէն: Խստօրէն դատապարտելով ամօթալի այս վարքագիծը` զայն կը գնահատենք իբրեւ հարուած ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարկին ու հեղինակութեան, նոյնպէս ալ Հայոց եկեղեցիին: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք տիար Սամուէլ Կարապետեանին եւ Կարապետեան ընտանիքին` հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը անոնց», կը նշուի Ս. Էջմիածինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց հետեւեալը. «Հայ ազգի մեծ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը այսօր, ի պատասխան վարչախումբի անբարոյ ոտնձգութիւններուն, հանդէս եկաւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պաշտպանութեամբ: Անմիջապէս յաջորդեցին Նիկոլ Փաշինեանի հաշուեյարդարի սանձարձակ կոչերը գործարարին նկատմամբ եւ ուժային կառոյցներուն ապօրինի հրահանգներ իջեցնելը»:
Խմբակցութիւնը կ՛ընդգծէ, որ շրջանին մէջ շատ վտանգաւոր զարգացումներու լոյսին տակ, պետութեան կառավարման այսպիսի անթոյլատրելի եւ անպատասխանատու դրսեւորումները եւ ապօրինի գործողութիւնները կործանարար են ու կը պահանջեն համազգային համախմբում:
«Սա նաեւ ուղերձ է բոլոր գործարարներուն, որ եթէ թրքական պահանջներուն հետ հաշտ չէք, ձեզի ի՛նչ կը սպասէ», իր կարգին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ըստ որուն, Փաշինեան թիրախ կը դարձնէ բոլոր ազդեցիկ անձնաւորութիւնները, որոնք կանգնած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին, օգնած են Արցախին, կը բարձրացնեն Արցախի հարցը:


