Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալը, ուր իրենց առաջին մրցումները կատարեցին Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս:
Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարոքի Ուիտատը Ֆիլատելֆիոյ մէջ, ուր 37.500 հանդիսատեսներ եկած էին դիտելու մրցումը:
Ֆիլ Ֆոտըն եւ Ժերեմի Տոքիւ նշանակեցին Սիթիի երկու կոլերը: Ռիքօ Լուիս կոշտ ֆաուլի ենթարկեց մրցակից մը, եւ պրազիլցի իրաւարար Ապաթթի անմիջապէս կարմիր քարտ տուաւ անոր: ՎԱՐ-ի սենեակէն առաջարկ մը ստանալէ ետք, իրաւարարը գնաց դաշտի կեդրոնը զետեղուած պաստառը եւ վերստուգելէ ետք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ: Յաջորդ մրցումին, Ռէալ Մատրիտ կը մրցէր Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Հիլալին դէմ Մայեմիի մէջ:
Մայեմիի «Հարտ Ռոք» մարզադաշտին վրայ 62 հազարէ աւելի հանդիսատեսներ ականատես եղան գեղեցիկ մրցումի մը, որուն ընթացքին Չապի Ալոնսօ իր առաջին պաշտօնական մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Հիլալի հետ:
Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ, որ հիւանդանոց փոխադրոած էր հիւանդ ըլլալուն պատճառով, փոխարինուած էր երիտասարդ սպանացի Կոնզալօ Կարսիայով, որ 34-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց Ռոտրիկոյի փոխանցումէն օգտուելով:
5 վայրկեան չանցած, Ռէալի կեդրոնի յետսապահ Ռաուլ Ասենսիօ մրցակից մը բռնելէ ետք փենալթի «նուիրեց» Հիլալին:
Փորթուգալցի Ռուպեն Նեւեշ դիւրութեամբ պարտութեան մատնեց պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուան:
Կիսախաղ չեղած, Սալեմ Տաուսարի քիչ մնաց նշանակէր Հիլալի երկրորդ կոլը, բայց մրցակից պաշտպանի մը դպնալով գնդակը ուղղուեցաւ դէպի քոռնըր: Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, Արտա Կիզեր գնդակը դպցուց Հիլալի բերդի հորիզոնական ձողին: Գնդակը հասաւ Կարսիային, որուն գլխու հարուածը վարպետօրէն զսպուեցաւ Հիլալի մարոքցի բերդապահ Եասին Պոնոյի կողմէ:
53-րդ վայրկեանին Մարքոս Լէանտրօ առիթ ունէր նշանակելու Հիլալի երկրորդ կոլը, բայց անոր հարուածը քիչ մը շեղեցաւ Ռէալի բերդէն:
87-րդ վայրկեանին Ռէալ Մատրիտի ձախ յետսապահ Ֆրան Կարսիա, Հիլալի մեծ քառակուսին մտնելէ ետք գետին բերուեցաւ, բայց իրաւարարը չսուլեց փենալթի, հակառակ Ռէալի մարզիկներու բողոքներուն:
Ֆաքունտօ Թելլօ` օրուան արժանթինցի իրաւարարը, ՎԱՐ-ի սենեակէն պահանջուեցաւ վճռելու իր կարծիքը, եւ ուղղուելէ ետք դաշտին կեդրոնը, դիտեց եղելութիւնը եւ փենալթի շնորհեց Ռէալի հաշուոյն: Նեւեշ բարկացած որոշումէն դեղին քարտ ստացաւ: Մինչ այդ դեղին քարտ ստացաւ նաեւ Մոհամետ Քահթանի, որ կոշտ թաքըլ կատարած էր Կարսիայի վրայ:
Ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէ փենալթին ղրկեց Պոնոյի ձախ ծայրի անկիւնը, բայց… Պոնօ դժուարութիւն չունեցաւ զայն զսպելու:
100-րդ վայրկեանին մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Յաջորդ մրցումին, Սինսինաթթիի մէջ, անձրեւի տակ տեղի ունեցաւ Փաչուքա-Ռետ Պուլ Զալցպուրկ մրցումը:
Մեքսիքայի Փաչուքան շատ աւելի լաւ մրցում մը ունեցաւ, բայց աւստրիական ակումբը աւելի արդիւնաւէտ էր բերդին առջեւ եւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց:
Օսքար Կլուխ եւ Քարիմ Օնիսիվօ նշանակեցին Զալցպուրկի կոլերը, մինչ Պրայըն Կոնզալես նշանակած էր Փաչուքայի հաւասարութեան կոլը:
Երէկ առաւօտեան ժամերուն Իտալիոյ Եուվենթուսը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբը:
Քոլօ Մուանի (2), Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաօ (2) եւ Քենան Եըլտըզ նշանակեցին Եուվէի կոլերը:
Այսօր առաւօտեան ժամերուն Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Պոթաֆոկոյի դէմ, մինչ ժամը 19:00-ին, Պենֆիքա պիտի մրցի Օքլենտ Սիթիի դէմ:


