Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի գծով:
ՀՄԸՄ Տինամոյի նման 12 կէտ ունի 6 հանգրուաններէ ետք, եւ այս մրցումին յաղթականը կը պահէ իր չնչին յոյսերը` հասնելու Աթլեթիքօ-Սանհարիպ զոյգին, որ 16-ական կէտ ունին:
ՀՄԸՄ պէտք է անպայման յաղթանակ արձանագրէ պահելու իր յոյսերը, մինչ Աթլեթիքօ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ, իսկ Սանհարիպ` Արզի:
Համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Անսարի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որոնք մեծ մասամբ երիտասարդ են եւ կարիքը ունին քաջալերանքի:


