Սլովաքիոյ մէջ կը շարունակուի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) Եւրոպայի ախոյեանութիւնը (Եուրօ), որ հասած է քառորդ աւարտական հանգրուան:
Չորեքշաբթի գիշեր 2023-ի ախոյեան Անգլիա կը մրցէր Գերմանիոյ դէմ, որ ապահովելէ ետք քառորդ աւարտականի իր տոմսը, տարած էր իր պահեստի 11 մարզիկներով դաշտ ներկայանալ:
Հակառակ ասոր, Անգլիա 76-րդ վայրկեանին միայն կոլ կրցաւ նշանակել… 2 կոլեր ստանալէ ետք 3-րդ եւ 33-րդ վայրկեաններուն:
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Անսկար Քնաուֆ եւ Մայնցի յառաջապահ Նելսոն Վայփըր նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը:
Պորնմաութի միջնապահ Ալեքս Սքոթ նշանակեց Անգլիոյ միակ կոլը, վերջինս աւարտեց խմբակի Բ. դիրքին վրայ:
Քառորդ աւարտականին Անգլիա շաբաթ գիշեր պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ 2023-ի աւարտականին նման, ուր Անգլիա կրցած էր յաղթել շնորհիւ Լիվըրփուլի Քըրթիս Ճոնզի կոլին:
Գերմանիա կիրակի օր պիտի մրցի Իտալիոյ դէմ, մինչ Ֆրանսա պիտի մրցի Դանիոյ դէմ, իսկ Փորթուգալ` Նետերլանտներու դէմ, քառորդ աւարտական միւս ճակատումներուն:


