Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումները (ֆայնըլ 4) կը սկսին վաղը:
Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի մրցի Ռիատիի դաշտին վրայ, վաղը ժամը 21:45-ին:
Ռիատի չորեքշաբթի գիշեր եւ վերջին մրցումը կատարեց բնական ախոյեանութեան գծով Ղազիրի մէջ եւ 105-97 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսին, նոյնիսկ առանց վիրաւորներ Ամիր Սէուտի եւ Ուաէլ Արաքժիի:
Սաժես, որ երկու նոր մարզիկներով օժտուած էր, լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, բայց Ռիատի ինքզինք գտաւ եւ Բ. կիսախաղին յաղթեց, մինչ Սաժեսի համակիրները աւելի ճնշեցին իրենց մարզիկներուն վրայ, քան Ռիատիի…


