Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երրորդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցի Լիուաա Պարժային դէմ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ:
Լիուաա Պարժա 1 կէտ ունի իր նախկին 2 մրցումներէն, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պէտք չէ այս իրողութիւնը պարզի առնէ եւ լրջօրէն իր մրցումը պէտք է կատարէ 3 կէտ ձեռք ձգելու` հասնելու համար Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան վերջին հանգրուան:
Համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 3:30-էն սկսեալ զանոնք պիտի փոխադրեն Պհամտուն:
Ռապիթաթ Ուարտանիէ, որ 4 կէտ ունի եւ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, պիտի մրցի Շապապ Պըրժի դէմ, մրցում մը, որ կրնայ վճռել 2-րդ դիրքը գրաւող խումբը` այս Բ. խմբակին մէջ:
Ա. խմբակին մէջ իրենց նախկին 2 մրցումներուն յաղթած Ռիատի Պարժան եւ Ռաուտա Տըքուանէն իրար դէմ պիտի մրցին վաղը` Ահտի դաշտին վրայ, ժամը 17:00-ին:


