Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջնորդութեան Առաջարկներուն Արգելքները

Յունիս 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ-Իրան պատերազմի դադրեցման համար Մոսկուայի առաջարկները հիմնական երկու բաժին ունին: Նախ անշուշտ պատրաստակամութիւն` միջնորդական դեր ստանձնելու եւ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը կարգաւորելու: Այստեղ արտասովոր հարց չկայ. նկատառելի փոքր բաժին մը կայ` անհրաժեշտութեան պարագային: Ըսել կ՛ուզուի պարզապէս, եթէ կողմերը համաձայն ըլլան Ռուսիոյ միջնորդութեան: Լռելեայն հասկնալի է, որ կողմերու պարագային իրանեան համաձայնութիւնը չէ խնդրոյ առարկան, որքան իսրայէլեանը: Աւելի հեռու կտրուածքով` Միացեալ Նահանգներուն համաձայնութիւնը:

Առաջարկին հիմնական բաժինը երկրորդ ուղղութեան մէջ է սակայն: Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ռուսական կողմի առաջարկը` իւրանիոմի պաշարները պահել ռուսական տարածքներու մէջ, կը շարունակէ մնալ ի զօրու: Սակայն պատերազմական գործողութիւնները բարդացուցած են խնդիրը:

Հանգուցաւորուած առաջարկ է այս մէկը: Առաջարկը կատարուած է, չկայ համաձայնութիւն, եւ հիմա կը կրկնուի առաջարկը: Եթէ նոյնիսկ հաւանականութիւն կար առաջարկի ընդունման, ըստ Մոսկուայի յայտարարութեան, նոր իրավիճակը բարդացուցած է հարցը:

Միջնորդելու առաջարկը չէ պայմանաւորուած կամ սահմանափակուած միայն զինադուլի կամ պատերազմի ընդհանրապէս դադրեցման առաջադրանքով: Ասիկա երաշխաւորութեան ստանձնման առաջարկ է ընդհանրապէս հիւլէական բանակցութիւններուն. աւելի մասնակի` ռուսական երաշխաւորութիւն, որ Իրանը հիւլէական զէնք պիտի չարտադրէ:

Խորքին մէջ Միացեալ Նահանգներուն առաջարկ կը յղէ այս ձեւով Մոսկուան: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտութեան պարագային միջնորդ կը դառնայ. այլ խօսքով` եթէ Ուաշինկթընը ընդունի իր առաջարկը:

Անգարայի յայտարարութիւնը այլ բովանդակութեամբ է: Այնտեղ չ՛երեւիր ռուսական անկողմնակալութեան փորձը: Էրտողան յայտարարած է, որ  Թուրքիան առաջին օրէն կեդրոնացած է դիւանագիտական ջանքերու վրայ` յարձակումները դադրեցնելու համար: Շեշտած է, որ Իրանի հետ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է, եւ անհրաժեշտ է ըստ կարելւոյն շուտ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան:

Դիւանագիտականօրէն կը մեղադրուի Իսրայէլը դիւանագիտական ճամբան շրջանցելու եւ զէնքի դիմելու համար: Նախապէս աւելի շեշտուած ոճ կար Միացեալ Նահանգները քննադատելու առումով:

Միջնորդի դեր ստանձնելու առաջարկ Անգարան կատարած է Իրանին: Թուրքիան պատրաստ է ստանձնելու միջնորդի դեր` հակամարտութիւնը անյապաղ դադրեցնելու եւ հիւլէական բանակցութիւններուն վերադառնալու համար:

Ռուսական առաջարկին հակակշիռ առաջարկ է Անգարային կատարածը: Թէեւ, ռուսականը աւելի հեռու գացող առաջարկ է, մինչ Թուրքիայինը կը սահմանափակուի պատերազմ դադրեցնելով եւ բանակցային սեղան վերադառնալով:

Վերջին խօսքը կը թուի Ուաշինկթընին պատկանած ըլլալ: Իսկ այս պարագային հակասութիւններով լեցուն են Միացեալ Նահանգներու նախագահին միեւնոյն օրուան մէջ կատարած տարբեր յայտարարութիւնները:

Ըստ էութեան, հիւլէականի անուան տակ նոր Միջին Արեւելքի ձեւաւորման համար Իրանի դերի փոփոխութեան առաջադրանք դրուած է: Ոչ նոյն ազդեցիկութեամբ: Անոր առաջին միջոցը հիւլէական վտանգի բացառումն է: Մոսկուան այդ մէկը երաշխաւորելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ` քաջ գիտնալով, որ բարդ է այդ մէկուն կայացումը: Որովհետեւ որոշողը Ուաշինկթընն է:

«Ա.»

Նախորդը

Իրան-Իսրայէլ Պատերազմը 4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Յաջորդը

Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի Եւ Շրջակայից Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետը այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 3, 2025
Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Հոկտեմբեր 3, 2025
Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող Նաւերը Եւ Կալանաւորեց Անոնց Վրայ Գտնուողները
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող Նաւերը Եւ Կալանաւորեց Անոնց Վրայ Գտնուողները

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?