Իսրայէլեան օդուժը ուրբաթ արշալոյսին լայնածիր յարձակումներ գործեց Իրանի վրայ` հարուածելով մայրաքաղաք Թեհրանի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ Նաթանզ եւ Թաւրիզ շարք մը դիրքեր:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իւի Տաւրին յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը գիշերուան ընթացքին աւելի քան 100 թիրախներ հարուածած է, եւ գործողութեան մասնակցած են 200 ռմբաձիգներ: Իսրայէլեան յարձակումները երէկ օրուան ընթացքին եւս շարունակուեցան: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին տուեալներով` իսրայէլեան ուժերը յարձակած են Թեհրանի շրջանին մէջ գտնուող վեց ռազմակայաններու վրայ:
Իսրայէլ իր յարձակումին ընթացքին հարուածեց Ֆորտուի, Խանտապի, Նաթանզի, Իսֆահանի եւ Պուշահրի մէջ գտնուող հիւլէական կայանները, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի կեդրոնատեղին, ուր սպաննուեցաւ պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամին, Թեհրանի մօտ ռազմակայաններ, ներառեալ Յեղափոխական պահակագունդի ռազմակայանները, «Շարհաք Շահիտ Մահալլաթի» համալիրը, որ կը գտնուի Թեհրանէն հիւսիս-արեւելք, եւ ուր կը բնակին Յեղափոխական պահակագունդի բարձրաստիճան հրամանատարները: Այնտեղ 3 բնակուած շէնքեր քանդուեցան:
Իսրայէլ նաեւ հարուածեց զինեալ ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնը, ուր սպաննուեցաւ կեդրոնի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ղուլամ Ալի Ռաշիտ:
Իսրայէլ հարուածեց ականաւոր հիւլէական գիտնականներու բնակարանները, ուր Մոհամետ Մահտի Թահրանիի եւ Ֆարիտուն Ապսիի նման գիտնականներ սպաննուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց իրանեան հեռահաս հրթիռներու ծրագիրին առնչուած կառոյցներ, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերն ու հրթիռներու պահեստանոցները, Թեհրանի մէջ Իմամ Խումէյնի օդակայանը, Թաւրիզի զտարանին շրջապատը, Թեհրանի հիւսիսային Նոպնիատ շրջանին մէջ շէնքեր, ուր քաղաքայիններու շարքերուն մէջ արձանագրուեցան զոհեր ու վիրաւորներ:
Իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով նաեւ սպաննուեցաւ իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաղերի: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանին վիրաւորուեցաւ:
2 աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին առնուազն 20 իրանցի բարձրաստիճան ղեկավարներ սպաննուած են: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ պատկերացումը այն է, որ Իրանի դէմ արշաւը շաբաթներով եւ տարբեր ուժգնութեամբ պիտի շարունակուի»:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Մոսատը Իրանի մէջ ստեղծեց անօդաչու թռչող սարքերու ռազմակայան մը, որ այսօրուան յարձակումի ընթացքին օգտագործուեցաւ»:
Իրան հակադարձեց Իսրայէլի վրայ 800 անօդաչու թռչող սարքեր եւ թեւաւոր հրթիռներ արձակելով, սակայն անոնք Իսրայէլի սահմաններէն դուրս, դրացի երկիրներուն վերեւ վնասազերծուեցան իսրայէլեան օդուժին կողմէ: Այդ աշխատանքին մասնակցեցաւ նաեւ յորդանանեան բանակը, որուն մէկ պատասխանատուն յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրանեան հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու վնասազերծման «գործողութիւնը կատարուած է հիմնուելով ռազմական գնահատականներու վրայ, թէ հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը, հաւանաբար, պիտի իյնան Յորդանանի տարածքին, ներառեալ բնակուած տարածքներու մէջ, ինչ որ կրնայ զոհերու պատճառ դառնալ»:
Իրանեան «Ֆարես» լրատու գործակալութեան համաձայն, Թեհրան նահանգի բնակուած շրջաններուն մէջ արձանագրուած է 78 զոհ եւ 329 վիրաւոր:
Նեթանիահու.«Բացումի Չափազանց Յաջող
Հարուածներ Հասցուցինք Եւ Աւելին Պիտի Իրագործենք»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց իսրայէլեան օդուժի «բացումի» հարուածները եւ զանոնք նկատեց «չափազանց յաջող»:
Ան տեսագրուած պատգամի մը մէջ յայտարարեց. «Բացումի չափազանց յաջող հարուածներ հասցուցինք եւ աւելին պիտի իրագործենք»:
Նեթանիահու նախքան այդ այլ յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ Իրանի վրայ յարձակումները կրնան քանի մը օր տեւել:
Իսրայէլի վարչապետը աւելի ուշ յայտնեց. «(Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան) Նասրալլայի ահաբեկումէն եւ իրանեան առանցքի քանդումէն ետք, Թեհրան հիւլէական զէնքի արտադրութեան դիմեց: Նոյնիսկ ամերիկեան որեւէ աջակցութեան բացակայութեան Իրանը հարուածելուն որեւէ այլընտրանք չունէինք»:
«Իրանի վրայ յարձակումին ժամկէտը ապրիլի վերջաւորութեան ճշդեցի, սակայն գործնական պատճառներով այսօր գործադրուեցաւ», ըսաւ ան:
«Հոյակապ կանխարգելիչ հարուած հասցուցինք, սակայն իրանեան պատասխանը պիտի գայ», նշեց ան` աւելցնելով. «Չեմ գիտեր, թէ ամերիկացիները այժմ ի՛նչ պիտի ընեն, եւ որոշումը նախագահ Թրամփին է»:
«Չեմ գիտեր, թէ Իրանի մէջ զինուորական գործողութիւնը ե՛րբ պիտի աւարտի, եւ կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ փոփոխութեան յանգեցնել», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Իրանին մեր հասցուցած հարուածը Հըզպալլայի դէմ «Փէյճըր»-ներու հարուածին նման պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի», յայտնեց Նեթանիահու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց շնորհաւորեց իսրայէլեան բանակը Իրանի մէջ գործողութեան համար եւ նշեց. «Ճշգրիտ հարուածը, որ թիրախաւորեց Իսրայէլը ոչնչացնելու ծրագիր մը ջատագոված Յեղափոխական պահակագունդի եւ իրանեան բանակի հրամանատարներն ու հիւլէական գիտնականները, ուժեղ ու յստակ պատգամ մըն է, թէ Իսրայէլը քանդելու համար աշխատող իւրաքանչիւր անձ պիտի ոչնչացուի»:
Ան նշեց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ձախողութեան մատնելու իրանեան հիւլէական ծրագիրն ու Իսրայէլի համար սպառնալիքները ոչնչացնելու:
«Իրան սուղ գին պիտի վճարէ, եթէ շարունակէ իր թշնամական գործունէութիւնը», յայտարարեց Քաց:
Թրամփ. «Իրանցիներուն Առիթ Ընծայեցինք, Չօգտագործեցին
Ու Ծանր Հարուած Ստացան, Ապագային Ալ Պիտի Ստանան»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ նախապէս տեղեակ պահուած է Իրանի վրայ լայնածաւալ իսրայէլեան հարուածներէն` կրկնելով իր դիրքորոշումը, թէ Թեհրան «չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ»:
«Իրանին իրերայաջորդ առիթներ տուինք համաձայնութիւն գոյացնելու», յայտարարեց ան` աւելցնելով, որ ինք Իրանին կոչ ուղղած է գործարք կնքելու, սակայն հակառակ իրենց փորձերուն եւ ատոր մօտենալնուն, չեն կրնար զայն կնքել:
Թրամփ նաեւ ըսաւ. «Իրան պէտք է համաձայնութիւն գոյացնէ նախքան ամէն ինչ կորսնցնելը, եւ պէտք է փրկէ այն, ինչ որ նախապէս ճանչցուած էր իբրեւ Իրանեան կայսրութիւն»:
Թրամփ «Էյ.Պի.Սի.» կայանին ալ յայտնեց. «Իրանցիներուն առիթ ընծայեցինք, զոր չօգտագործեցին եւ ծանր հարուած ստացան, ապագային աւելին պիտի ստանան»:
«Իրանի վրայ յարձակումը հոյակապ է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Յիշեցնելով, որ ինք Թեհրանին համաձայնութիւն կնքելու համար 60 օրուան պայմանաժամ ճշդած էր: Ան ըսաւ. «Այսօր 61-րդ օրն է: Իրանցիներուն ըսի, թէ ինչ պէտք է ընեն, սակայն չկարողացան ատիկա ընել, եւ այժմ երկրորդ առիթ մը ունին»:
Թրամփ «Էն.Պի.Սի.» կայանին յայտնեց. «Իրան համաձայնութիւն գոյացնելու առիթ կորսնցուց, եւ այժմ կրնայ անոր այլ առիթ մը ընծայուիլ, տեսնենք»:
Խամենէի. «Սիոնական Գոյացութիւնը Այս Ոճիրով
Ինքն Իրեն Համար Պատրաստեց Դառն ու Ցաւալի Ճակատագիր Մը,
Որուն Անխուսափելիօրէն Պիտի Մատնուի»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով շարք մը հրամանատարներ ու գիտնականներ սպաննուած են, եւ վստահեցուց, որ անոնց յաջորդներն ու գործընկերները անմիջապէս պիտի շարունակեն անոնց պարտականութիւնը:
Խամենէի Իսրայէլին ծանր պատիժ խոստանալով նշեց. «Սիոնական գոյացութիւնը այս ոճիրով ինքն իրեն համար պատրաստեց դառն ու ցաւալի ճակատագիր մը, որուն անխուսափելիօրէն պիտի մատնուի»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Ամերիկան Իսրայէլի արկածախնդրութիւններու հետեւանքներուն պատասխանատու պիտի ըլլայ, որովհետեւ անոր գլխաւոր աջակիցն է»:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, որ Իրանի զինեալ ուժերը Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումին պիտի արձագանգեն այնպէս, որ թշնամին զղջայ իր կատարածին համար:
«Իրանի ժողովուրդը եւ երկրին իշխանութիւնները պիտի չլռեն այս յանցագործութեան առջեւ, եւ Իսլամական Հանրապետութեան օրինական եւ հզօր արձագանգը պիտի ստիպէ թշնամիին զղջալ իր յիմար գործողութիւններուն համար», ընդգծեց ան ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձին մէջ:
Փեզեշքիան նաեւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց միաւորուելու, վստահիլ իշխանութիւններուն եւ ուշադրութիւն չդարձնել տարածուող լուրերուն:
Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հապիպլլա Սիարի նշանակուած է Իրանի զինեալ ուժերու առժամեայ հրամանատար, իսկ Ահմատ Ուահիտի` Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար: