2026-ին տեղի ունենալիք մոնտիալի զտումի մրցումները շարունակուեցան, եւ Ասիոյ մէջ 6 երկիրներ արդէն իսկ ապահովեցին իրենց տոմսերը, մինչ 6 այլ երկիրներ անցան 4-րդ հանգրուան:
Առաջին անգամ ըլլալով Յորդանան եւ Ուզպեքիստան իրաւունք ստացան մասնակցելու 48 երկիրներէ բաղկացած յառաջիկայ մոնտիալին:
Ուզպեքիստան դարձաւ առաջին երկիրը, որ կեդրոնական Ասիայէն կը հասնի մոնտիալին, եւ նախագահ Շավքաթ Միրզիոյեւ իր երկրի ազգային խումբի բոլոր մարզիկները եւ պատասխանատուները պատուեց` անոնց նուիրելով շքանշաններ եւ… ինքնաշարժներ:
Արդարեւ, ան 40 ինքնաշարժներ (Պի. Ուայ. Տի.) նուիրեց ամէն անդամի, որ այս յաջողութեան մէջ դեր ունէր:
Հիւրընկալ երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Քանատայի կողքին Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Իրան, Ուզպեքիստան, Աւստրալիա, Արժանթին, Էքուատոր, Պրազիլ եւ Նոր Զելանտա եղան 13 ազգային խումբեր, որոնք իրենց տոմսերը ապահովեցին մինչեւ օրս:
Նշենք, որ 2026-ի մոնտիալը տեղի կ՛ունենայ 11 յունիսէն 19 յուլիս 2026-ի միջեւ, ինչպէս նշեցինք պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով 48 ազգային խումբերու մասնակցութեամբ:


