Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամեակի Նշում

Յունիս 13, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Պասմաճեան: Ան հպարտութեան եւ երախտապարտութեան զգացումներ պարզեց  «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անցեալի ընկերներէն մէկուն` Սարգիս Ազնաւորեանի նկատմամբ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կոմիտէութեան նոր սերունդը չհպարտանայ, երբ կը տեսնէ սրահին մէջ հաւաքուած յարգելի հիւրերը, որոնք ներկայ են արժեւորելու Սարգիս Ազնաւորեանը, անձնուրաց յեղափոխականը, խիզախ ղեկավարը: Պասմաճեան նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան դիտել տուաւ, որ «Նիկոլ Դուման»-ը հիմնուեցաւ Թրատ թաղամասին մէջ, 50-ական թուականներուն, երբ հոն ապրած հայերու մեծ տոկոսը կազմուած  էր ատանացիներէ, եոզկաթցիներէ, էյպէզցիներէ, ինչպէս նաեւ` իսլամ եւ քրիստոնեայ տեղացիներէ, բան մը, որ յատուկ նկարագիրի խմորում մը ստեղծեց մեր թաղերուն եւ խաչմերուկներուն վրայ: Հետեւաբար դաշնակցականին վեհանձնութիւնը խառնուեցաւ յանդգնութեան հետ, կուսակցական գաղափարախօսութիւնը զուգորդուեցաւ ազգային գիտակցութեան հետ` կազմելով ամուր եւ եռանդով լի սերունդ մը, որ միշտ ալ գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ` իր քաջութեամբ եւ զսպուած համարձակութեամբ: Ան հաստատեց, որ այս սերունդին մէջ ունեցանք բազմաթիւ նշանակալից եւ արժէքաւոր ընկերներ, ինչպէս` Անդրանիկ Պաղտասարեանը` քաուպոյ Անդոն, Յակոբ Մարսուպեանը` փաշան, Սարգիս Ազնաւորեանը, նաեւ` բազմաթիւ ընկերներ, որոնք իրենց խիզախ կեցուածքներով յատուկ դրոշմ մը ձգեցին մինչեւ օրս կոմիտէութեան թաղամասերուն վրայ:

«Ճիշդ  է, որ Սարգիս Ազնաւորեանը կը պատկանէր նոյն սերունդին, նոյն մթնոլորտին, նոյն կոմիտէութեան, սակայն իր մշտական ներկայութեամբ կրցաւ աւելցնել պարկեշտութիւնն ու համբերութիւնը: Այս էր պարագան ընկ. Սարգիսներուն, մանաւանդ երբ ներկայութիւնը ընկերային է` անկախ ընկերականէն եւ թելադրանքներու ոճը` համեստ, ոչ հրամայական: Արդեօք ասոնք չե՞ն արժէքաւոր մարդոց յատկանիշները», հաստատեց Մխսեան` աւելցնելով, որ ան խստապահանջ էր, եւ երբ ակումբ կը մտնէր, իր հետ կը բերէր եռանդ եւ աշխուժութիւն: Ամէն սերունդ իր բաժինը ունէր սորվելու Սարգիս Ազնաւորեանէն, որուն առաւելութիւնը, խիզախութեան հետ մէկտեղ, խոհեմ դիւանագիտութիւնն էր, իսկ այս երկուքը կ՛ամբողջացնէին համբերութիւնը:  Շարունակելով իր խօսքը` Մխսեան հաստատեց, որ այսպիսի կարողութիւններով օժտուած ընկերը քանի մը տասնամեակ ամբողջ քանդակեց «Նիկոլ Դուման»-ի իրերայաջորդ մարմինները` հասնելու համար կոմիտէութեան տարածաշրջանին մէջ բնակող հայութեան սրտին եւ համակրանքին եւ իր սովորական քաղաքավարութեամբ ու հաւասարակշիռ վարուելակերպով յատուկ յարգանքի արժանացաւ նոյնիսկ ոչ համակիր շրջանակներէն: Մխսեան ըսաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէի ժողովները, ինչպէս նաեւ ուրիշ պարտականութիւններ զինք չանջատեցին իր շրջանակէն, իր ընկերներէն: Պահեց կապը նոյն հարազատութեամբ, նոյն մտերմութեամբ, բան մը, որ հաւատարմութեան չափանիշի կարեւորագոյն փորձաքարը կը նկատուի:

«Արդէն տասնամեակներ անցած են Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան օրէն, սակայն իր եւ իրեն նման օրինակելի ընկերներու գործելակերպի ազդեցութիւնը մշտական եղած է իրերայաջորդ մարմիններու գործունէութեան վրայ: Երբեմն ունեցած ենք կարգ մը դժուարութիւններ, բայց բնաւ չենք ծռած կարմրած երկաթի նման, ոչ ալ կոտրուած ենք հաստ գաւազանի նման, այլ միշտ եղանք ու մնացինք բարձր ու վեհ կաղնիի նման, որ նոյնիսկ ուժգին քամիներու պարագային ճօճուելով հանդերձ, մնաց ուղղահայեաց, դէպի վեր խոյանքին հաւատարիմ: Այսպէս անցան 40 տարիները, եւ պիտի շարունակենք մնալ դէպի վեր խոյանքին հաւատարիմ յաջորդող 40-ամեակներուն», եզրափակեց Մարալ Մխսեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Ազնաւորեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ թաղումը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ այս ձեռնարկին համար յատուկ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած օրուան բանախօս Յովսէփ Աւագեան: Ան հաստատեց, որ Սարգիս Ազնաւորեանի ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ հոս հաւաքուած են` նշելու իրենց հօր, ռահվիրայ եւ խիզախ ընկերոջ` Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան 40-ամեակը, եւ մեծ պատիւ ու ուրախութիւն համարեց, որ լիբանանահայ համայնքը 40 տարի ետք իր բոլոր ներկայացուցիչներով հաւաքուած է Կեդրոնական կոմիտէի շուրջ եւ կը հետեւի ՀՅԴ-ի քայլերուն, աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեան այս պատկերը եւ միակամութիւնը կ՛ուզէր տեսնել Դաշնակցութեան մէջ: Աւագեան ըսաւ, թէ այն պատնէշը, որ Ազնաւորեանի գործելաոճին պատնէշն էր, անոր ետին կ՛ուզէր տեսնել միահամուռ Դաշնակցութեան շարքեր եւ համայնք` յանուն ՀՅԴ-ի ծրագիրներուն, աւելցնելով, թէ այն կամքը, որով Ազնաւորեան դաստիարակեց բոլորս, ուղղուած էր միայն մեր դիմաց գտնուող ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն, սակայն ինք յանձնառու էր, որ այդ պատնէշին ետեւ գտնուող տղաքը, երբ իրարու թիկունք կու տան, վստահին եւ հաւատան իրարու եւ անոնց ընդմէջէն ծառայեն ՀՅԴ-ի գլխաւոր տեսլականներուն: Աւագեան դիտել տուաւ, որ ոգեկոչումները ընդհանրապէս կ՛ըլլան լուռ, տխուր, սակայն Սարգիս Ազնաւորեանի բաժանումը մեզմէ ֆիզիքական է միայն, եւ մեզի համար  ցնծութիւն է, աւելցնելով, որ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին կազմակերպած այս ձեռնարկը տօնախմբութիւն է, որովհետեւ անգամ մը եւս մենք միասին երդում կու տանք, դաշնակցական երդումը, հայութեան երդումը, որ յանձնառու ենք մեր ժողովուրդի ֆիզիքական պաշտպանութեան, որուն գլխաւոր եւ գլխագիր գործը հիմնեցին Սարգիս Ազնաւորեաններ, Աբօ Աշճեաններ, Անդրանիկ Պաղտասարեաններ, Յակոբ Մարսուպեաններ: «Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք, որ մեր թշնամիները մեզի նահատակ տուին, եւ նահատակը իր գործի շարունակականութեամբ եկաւ ըսելու, որ 1985 ապրիլ 23-ի առաւօտեան, երբ մենք բոլորս կը պատրաստուէինք ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 70-ամեակը, դաւադիր ձեռքերը մեզմէ միայն ֆիզիքապէս կրցան բաժնել Ազնաւորեանը: Ան մնաց իր դպրոցով, իր դաստիարակութեան արժանի տղոցմով», հաստատեց Աւագեան` աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեանը արգասիքն է 1890-ին հիմնուած այն պաշտելի կուսակցութեան, որուն անդամները եւ համակիրներն ենք, որ եկաւ օրին ըսելու` վե՛րջ հայութեան ստրկութեան եւ ֆիզիքական սպառնալիքներուն, եւ որուն նահատակներու շարանը երկար է, որուն ցնծալի նահատակներէն մէկն է Ազնաւորեանը: Աւագեան դիտել տուաւ, որ այն օրէն, երբ 1890-ին Դաշնակցութիւնը յանձնառութեան տակ մտաւ իր ժողովուրդի ֆիզիքական շահերը պաշտպանելու, Ազնաւորեանի սերունդը եկաւ ըսելու, որ սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութին` Լիբանանի մէջ, նոյն ֆիզիքական պաշտպանութեան յանձնառութիւնը ունի, աւելցնելով, որ 1965-էն ետք Լիբանանի մէջ երբ թրքաբարոյ երեւոյթներ սկսան, նաեւ կուսակցութեան հանգամանքին նկատմամբ կեցուածքներ գոյացան, այդ դպրոցի ներկայացուցիչները անարատ պահեցին Պուրճ Համուտը, հայութիւնը եւ պաշտպանեցին զանոնք: Աւագեան հաստատեց, որ Սարգիս Ազնաւորեանի դպրոցին պատկանողները աշխարհի տարածքին իրենց ներկայութեամբ, գործունէութեամբ, խիզախութեամբ ըսին մեր դարաւոր ոսոխին, որ մենք տակաւին ոտքի ենք: «Խիզախ բառը Սարգիս Ազնաւորեանէն թող ըլլայ ձեր ճակատին գրուած ամէնէն մեծ զէնքը», եզրափակեց Յովսէփ Աւագեան` հաստատելով, որ այսօր այս հաւաքը կու գայ ուխտելու, թէ այն, ինչ որ շատեր փորձեցին մեզմէ խլել, մեզմէ կրկնապատիկը ստացան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Լատոյեան: Ան հաստատեց, որ  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ամբողջ կեանք մը միութենական եւ կուսակցական յայտնի եւ անյայտ գործերու նուիրեալ, ամբողջ կեանք մը իր ժողովուրդի առաքելութեան եւ անձեռնմխելիութեան օրակարգը առաջնակարգ նկատած մեզի համար Սարգիս Ազնաւորեանի տիպարը, անձը, ընկերը եւ օրինակը դաստիարակչական բնոյթ ունի, աւելցնելով, որ մեզի համար ոգեկոչման ձեռնարկները յիշատակումի սահմանէն անդին` ամրապնդման եւ վերանորոգման առիթներ են, դաստիարակչական եւ վերանորոգման ոգեկոչում են եւ միեւնոյն ատեն արտաքին ու ներքին երկու պատգամներ ունին իրենց մէջ:

Լատոյեան բացատրեց, որ արտաքին իմաստով` վստահ ըլլալու եւ շեշտելու, որ մեր պատմութիւնը վկան է մեր ուղեգիծի անխախտ եւ անսակարկելի սկզբունքին: Ան հաստատեց, որ եթէ անցնող վերջին հարիւր տարուան հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ազատագրական եւ յեղափոխական ուղին նկատի ունենանք եւ թուենք բոլոր ճակատներու վրայ ինկած հայ նահատակներու անունները, անոնք, որոնք զոհուեցան իրենց արդար Դատի, գաղափարախօսութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի  զոհերէն անկախ, հաւանաբար եւ վստահաբար կրնանք ըսել որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միա՛կ ու, հպարտօրէն կ՛ըսենք ու կ՛ընդգծենք, միա՛կ կազմակերպութիւնն է որ տուած է իր ընտրեալներէն լաւագոյնները այս ճամբուն վրայ: Հայկական ոչ մէկ կազմակերպութիւն, կուսակցական թէ քաղաքական, շարժում թէ գումարտակ նահատակներ ունեցած են իր ծրագրի իրագործման համար, որքան ի՛նքը` Դաշնակցութիւնը:

«Մենք միշտ մեր լաւագոյնը տուած ենք եւ կու տանք տակաւին մեր հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճման, արդարութեան, անվտանգութեան եւ անձեռնմխելիութեան համար: Մենք միշտ մեր լաւագոյնը տուած ենք եւ կու տանք տակաւին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը իր արդար իրաւունքը ստանայ, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը իրենց արդար լուծումին հասնին», շեշտեց Յակոբ Լատոյեան` աւելցնելով, որ 1985-ին, անկէ առաջ եւ վերջ դաշնակցական ղեկավարներու դէմ ոճրային արարքները հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը լռեցնելու, ազատագրական ջահը վար առնելու եւ ամբողջ ժողովուրդ մը յուսահատեցնելու պատգամ էր, նաեւ վախ ու սարսափ ստեղծելու, ժողովուրդը կուսակցութենէն հեռացնելու, մեկուսացնելու կազմակերպուած համապետական գաղտնի սպասարկութիւններու արշաւ էր: Սակայն վեց տարի չանցած, նոյն այս կազմակերպութիւնը, հակառակ իր լաւագոյն ղեկավարներու նահատակութեան, առեւանգումով եւ անյայտ կորուստով, Արցախի ազատագրութեան մասնակցող նոր նահատակներ ու նոր զոհեր ունեցաւ: Իր քով պահած 70 տարիներու եռագոյնը կրկին ծածանեցաւ Հայաստանի մէջ: Շուշին ազատագրուեցաւ նաեւ մեր նահատակներով: Այս էր փոխադարձ պատգամը:

Լատոյեան հաստատեց, որ այսօր ալ մենք ունինք նահատակներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ Պաքուի բանտերուն մէջ, մեր Բիւրոյի անդամ` Դաւիթ Իշխանեանը, եւ այսօր ալ զանազան ձեւերով Դաշնակցութիւնը վարկաբեկող արշաւ կայ, սակայն մենք կրնանք վերականգնիլ եւ վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն: Պարտութիւն չճանչցող եւ յուսահատութեան փոխարէն` նոր յաղթանակներ կերտելու աւիշի վերածող կազմակերպութիւն է Դաշնակցութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը` Լատոյեան ըսաւ, որ ներքին իմաստով մենք ոչ միայն մեր շարքերուն, այլ նաեւ մեր գալիք սերունդներուն ճանչնալու եւ ամրապնդելու համար կարեւոր կը նկատենք նման ոգեկոչումներ, անդրադառնալու եւ ընդգծելու, որ Դաշնակցութեան մէջ մեծ ու փոքր գործեր չկան. բոլոր աշխատանքներն ալ կարեւոր են: Այսպէս Սարգիս Ազնաւորեանը ՀՄԸՄ-ի թէ կուսակցական բոլոր բնագաւառներուն բոլոր պայմաններուն մնաց  հաւատարիմ իր սկզբունքին: Մնաց իր համեստ եւ ազնիւ աշխատելաոճով:

«Համեստ, ազնիւ եւ դաշնակցական գործի տեսակ չփնտռող տիպարի օրինակը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կարեւոր է մեր կեանքին մէջ: Անանձնական եւ զոհաբերութեան պատրաստ, երդումին հաւատարիմ, արեան գնով կուսակցութեան շահերը փնտռող ըլլալը հրամայական է», շեշտեց Յ. Լատոյեան` աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեանի օրինակը մեր օրերուն շատ կարեւոր է, երբ ամէն բան շահի, դիրքի, երեւնալու, լոզունգներու եւ աժան ճառախօսութիւններով խճողուած է հրապարակը: Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոններէն մինչեւ ընկերային ցանցերու վրայ հայրենասիրութեան դասեր տուող ընկերային ցանցերու յայտնի եւ անանուն էջերէն բոլո՛րը, բոլորը անխտիր պէտք է գիտնան, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ իր անշեղ ընթացքը անպայման որ պիտի ըլլան եւ կը մնան կարեւորը: Կարեւորը մեր կազմակերպական ուժի ամրութիւնն է, մեր շարունակական ձեւով մեր ազգային գիծը պահելն է, մեր ժողովուրդի փափաքներու իրականացման համար ճիգ չխնայելն է:

Ապա ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Կէօվշէնեան յուշանուէր մը յանձնեց Սարգիս Ազնաւորեանի զաւկին, որմէ ետք յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Էտի Նալպանտեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Նախորդը

Շնորհակալական Այցելութիւն` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում Ուզպեքիստան Մոնտիալին Հասաւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ  Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ  «Պէզիքեան» Կեդրոնին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ «Պէզիքեան» Կեդրոնին

Յունիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յունիս 14, 2025
Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?