Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա Յաղթեց Երրորդ Ճակատումին` 116-107 Արդիւնքով

June 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս եղանակին Ինտիանա Փէյսըրզ շատ կայուն չէր, բայց միշտ ալ կը վերադառնար յաղթելու` ամէն պարտութենէ ետք:

Երէկ առաւօտ նոյն բանը պատահեցաւ այս տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումին:

Առաջին մրցումին 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթելէ ետք Օքլահոմա Սիթիի դաշտին վրայ (111-110), Փէյսըրզ 2-րդ մրցումին 123-107 արդիւնքով պարտուած էր Թանտըրէն:

Երէկ, 3-րդ մասին 9 կէտով ետ մնալէ ետք, Ինտիանա ինքզինք գտաւ եւ իր ուժերը հաւաքելով կրցաւ 32 կէտ նշանակել եւ 18 կէտ ստանալով 116-107 արդիւնքով յաղթել:

Փէյսըրզ, որ կը մրցի այս տարուան թիւ 1 խումբին դէմ, պահ մը մոռցաւ իր մրցակիցը եւ կրցաւ իր խաղաոճը պարտադրել մրցակից Թանտըրի վրայ:

Բնական ախոյեանութեան ընթացքին Ինտիանա Արեւելեան շրջանի 4-րդ դիրքը գրաւած էր եւ 82 մրցումներուն 32 պարտութիւն կրած էր, մինչ Օքլահոմա միայն 14 պարտութիւն կրած էր` լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգելով:

Պենետիքթ Մաթուրին 27 կէտ նշանակեց` դուրս գալով պահեստի աթոռներէն, մինչ թիւ 1 աստղ Թայրիս Հալիպըրթըն 22 կէտ, 11 էսիսթ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 4-րդ մրցումն ալ պիտի հիւրընկալէ:

«Այս ձեւի խումբ ենք, Պէտք ունինք բոլորին, որ պատրաստ ըլլան: Միշտ նոյն տղաքը չէ, որ պիտի փայլին կամ առաւելագոյն կէտերը նշանակեն, բայց այս ձեւով կրնանք յաղթել», ըսաւ Փէյսըրզի մարզիչ Ռիք Քարլայլ: Փասքալ Սիսքամ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ինտիանայի, որուն պահեստի մարզիկները 49-18 արդիւնքով շատ աւելի արդիւնաւէտ էին:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճէյլըն Ուիլիամս (26 կէտ), Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր (24 կէտ) եւ Չեթ Հոլմկրեն (20 կէտ):

Շաբաթ առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ 4-րդ ճակատումը: Ըստ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան, վերջին 41 ախոյեանութիւններուն, երբ 2-րդ ճակատումին արդիւնքը 1-1 էր, 3-րդ ճակատումը շահող խումբը դարձած էր ախոյեան 33 անգամ:

 

 

Նախորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում Ուզպեքիստան Մոնտիալին Հասաւ

Յաջորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Նօ Լիմիթց

RelatedPosts

«Ֆիֆփրօ 11».  Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն
Մարզական

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

November 11, 2026
Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ.  Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան
Մարզական

Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ. Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

November 11, 2026
Ըմբշամարտ.  Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…
Մարզական

Ըմբշամարտ. Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.