ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Շողակ
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ովսաննա Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Դալար
Օրիորդ Անի Յովհաննէսեան
Տէր եւ տիկին Մեսրոպ եւ Թեքլա Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Ռիթա-Մարալ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Ճեսի Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Հերա
Տէր եւ տիկին Կորիւն եւ Դալար Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Ռեհան
Յովհաննէսեան եւ Տէրեան ընտանիքներ
Մելքոնեան եւ Մանուէլեան ընտանիքներ
Քէլէշեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԻՍԿՈՒՀԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՍԱՊԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 10 յունիսին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ժտէյտէի ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Ազատեան-Տեմիրճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թալին Տեմիրճեան-Պաշեան
Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Անի Շապազեան-Տեմիրճեան եւ զաւակները` Սարգիս, Անթոնի եւ Ալեքսանտր
Տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Անն Ապի Ֆարահ-Տեմիրճեան եւ զաւակները` Ալեքս եւ Անուշքա
Տէր եւ տիկին Սթեֆան եւ Սապին Պաշեան-Փեթրոսեան եւ զաւակները` Նաթալիա եւ Անուշքա
Տէր եւ տիկին Քարլ եւ Թալին Գնաճեան-Պաշեան եւ զաւակը` Րաֆֆի
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Ռիթա Միսիրեան-Տեմիրճեան եւ զաւակները` Ալիսա, Աւետիս եւ ընտանիք
Նախկին նախարար տիար Յակոբ Տեմիրճեան եւ զաւակները` Րաֆֆի, Մարք եւ ընտանիք
Տիկին Սեդա Տեմիրճեան-Օղլեան եւ զաւակները` Նաթալի եւ ընտանիք եւ Մանուէլ
Հանգուցեալ Զապէլ Տեմիրճեան-Գույումճեանի զաւակները` Կարօ, Յակոբ, Անի, Արլին եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Շաքէ Տեմիրճեան-Սեֆերեանի ընտանիք
Տեմիրճեան եւ Ազատեան ընտանիքներ
Պաշեան եւ Շապազեան ընտանիքներ
Ապի Ֆարահ եւ Փեթրոսեան ընտանիքներ
Գնաճեան եւ Միսիրեան ընտանիքներ
Օղլեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Սեֆերեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 8 յունիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 11 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նագգաշ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 12 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ»
(Որոնումի ճամբորդութիւն մը անցեալին մէջ, որ բաժնած էր զիրենք, բայց հետագային վերստին համախմբեց)
(Արաբերէնով պատումներ)
Հեղինակներ` ՍԻՆԱՆ ՃԱՆ եւ ԱՐԱ ՀԱԼԻՃԻ
Արաբերէնի թարգմանութիւն` ԳԷՈՐԳ ԽԱԹՈՒՆ ՈՒԱՆԻՍԻ
Հրատարակութիւն` «Ֆարապի» հրատարակչատան
Պէյրութ, 2025
***
EPISODES FROM MY LIFE
1909-1972
A memoir
DR. DANIEL S. WASGIAN (NE KUYUMJIAN)
Edited by ELDA KHANAMIRIAN AWAD
Haigazian University Press
Beirut, 2025
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՀՈԳԵՒՈՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐ»
Հեղինակ` ԻՈՒԱՆՆԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Հայացուց` ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Հալէպ, 2025
***
«ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ` ՑԱՒԸ»
Հեղինակ` Հ. ՏԱՈՒՏ ԼԱՄԷԻ
Հայացուց` ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Հալէպ, 2025
————————————–
ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հայ աւետարանական գոլէճը (Հայկազեան համալսարանին կից) աշխատանքի կը հրաւիրէ աշակերտ հաւաքագրողներ (recruiters), որոնք
- . Ունին համոզիչ լեզու
- Դիւրահաղորդ եւ ընկերային են
- Կը տիրապետեն կազմակերպչական հմտութիւններու
Հետաքրքրուողներ կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել principal@aecbeirut.edu.lb հասցէին:
Նպատակայարմար նկատուած թեկնածուներուն ժամադրութիւն պիտի տրուի տնօրէնութեան հետ տեսակցութեան համար:
————————————–
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869: