«Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ներքին գործոց փոխնախարար եւ Հայաստանի ոստիկանապետ Արամ Յովհաննիսեան ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն:
Արամ Յովհաննիսեան Հայաստանի ոստիկանութեան պետ-ներքին գործոց փոխնախարար նշանակուած էր 9 յունուար 2023-ին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, Արամ Յովհաննիսեան ազատ կացուցուեցաւ ոստիկանութեան պետ-ներքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնէն եւ ոստիկանութեան մէջ ծառայութենէն:
Միւս կողմէ, երէկ վարչապետ Փաշինեան Լոռիի նախկին մարզպետ Արամ Ղազարեանը նշանակեց ոստիկանութեան պետ ներքին գործոց նախարարի տեղակալ: