Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Պելեն Մարթինես Քարպոնելի հետ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտնած է Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
«Մենք քննարկած ենք Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումները», նշած է դիւանագէտը:
Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է շրջանին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման: