Հայաստանի ազգային խումբի եւ Սլովան Պրաթիսլաւայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան ընտրուեցաւ Սլովաքիոյ այս եղանակի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան նաեւ ընդգրկուեցաւ ախոյեանութեան խորհրդանշական 11 մարզիկներու հաւաքականին մէջ:
Բարսեղեան ախոյեան Սլովանի հետ 20 կոլ նշանակած էր` գլխաւորելով կոլ-սքորըրներու դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ան իր կոլերուն կողքին 11 էսիսթ ձեռք ձգած էր:
Բարսեղեան յաջորդական 4-րդ տարին ըլլալով Սլովանի հետ դարձաւ Սլովաքիոյ ախոյեան: Իր վերջին մրցումին, ան Ժիլինայի դէմ մրցումին խմբապետի թեւակապով մասնակցեցաւ, եւ 4-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սլովան ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը: