Ռուսիոյ Բ. դասակարգի խումբերէն Արսենալ – Թուլայի միջնապահ Տիգրան Աւանէսեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբ` յառաջիկայ բարեկամական մրցումներուն մասնակցելու համար:
Հայ ֆութպոլիստը հրաւիրուեցաւ Քոսովոյի (6 յունիս) եւ Մոնթենեկրոյի (9 յունիս) դէմ բարեկամական մրցումներուն նախապատրաստուելու համար:
Նշենք, որ աւելի կանուխ յայտնի դարձած էր, որ արժանթինեան Պանֆիլտ ակումբի միջնապահ Թոմաս Ատորեան իր կարգին հրաւիրուած էր մաս կազմելու Հայաստանի ազգային խումբին:


