Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողի մը խնդրանքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութենէն առաջ Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ հակառուսական գրութիւններով պաստառներով ցոյցին:
Զախարովա ակնարկած է, որ այս բոլորին ետին ամերիկեան մատ կը տեսնէ:
«Գիտէ՞ք, որ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ քանի մարդ կ՛աշխատի… 2000 հոգի: Հաւանաբար, անոնցմէ ոմանք տակաւին չեն հասկցած, որ պէտք է ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու խթանումով զբաղիլ, եւ պէտք է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացումով չզբաղիլ: Իսկ թերեւս, Հայաստանի մէջ ոմանց մօտ տակաւին չե՞ն վերջացած «Եու.Էս.Էյտ»-ի փոխանցած գումարները», ըսած է ան:
Զախարովայի համաձայն, Ռուսիան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ աշխատելու մեծ եւ ընդգրկուն օրակարգ ունի եւ ատիկա, անոր պնդումով, փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներէն շատերուն հաճոյք չի պատճառեր: